Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

June 3, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խուան Քարլոս Կաֆոն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: Պըրրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ արդարութեան նախարար Իպրահիմ Նաժժար:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ երէկ յայտնեց, որ վարչակարգի տագնապին վտանգը` սահմանադրական հաստատութիւններուն  անդամալուծումէն բացի, կը կայանայ այն իրականութեան մէջ, որ անիկա կրնայ օգտագործուիլ Լիբանանի թշնամիներուն կողմէ եւ վերածուիլ Լիբանանի գոյութեան տագնապի:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ատնան Արաքժի ընդգծեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի կազմուի` հակառակ բանեցուող ամերիկեան ճնշումներուն:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի հրապարակեց որոշում մը, որուն հիման վրայ շէյխ Խալիլ Մէյս պիտի շարունակէ գործել իբրեւ Զահլէի եւ Պեքաայի միւֆթի:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի ընդունեց երեսփոխաններ Մարուան Համատէն եւ Անթուան Սաատը, որոնք դրուատեցին ներքին ապահովութեան ուժերուն ճիգերը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին մէջ տիրող իրադարձութիւնները:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ շարժումի նախագահ Նաժահ Ուաքիմ շեշտեց, որ Լիբանան արագ քայլերով կ՛առաջնորդուի դէպի քաղաքացիական պատերազմ կամ գիտակից ըմբոստութիւն:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական գրասենեակի անդամ Վերա Եամմին Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին ամբաստանեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտելու յանցանքով: «Իւրաքանչիւր անգամ, երբ կը յայտարարուի, թէ կառավարութեան կազմութեան ջանքերը աշխուժացած են, Քոնելլի կը յայտնուի իր յայտարարութիւններով եւ կեցուածքներով, ինչ որ կառավարութեան կազմութեան ճիգերը խոչընդոտելու ձեւ մը կը նկատուի», շեշտեց ան:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ Մոսատի նախկին նախագահ Մէյիր Տական շեշտեց, որ Հըզպալլայի հրթիռները կրնան հասնիլ իսրայէլեան որեւէ շրջան` ակնկալելով, որ Հըզպալլա քաղաքացիական եւ զինուորական թիրախներուն միջեւ տարբերութեան մասին չմտածէ հաւանական որեւէ ճակատումի ընթացքին:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով իտալական ապահովական աղբիւրներէ, հաստատեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող իտալական զօրամասին դէմ պայթումը հաւանաբար գործուած է Ժունտ Շամի կողմէ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ոչ մէկ կերպով պիտի վարանին` լիբանանեան պետութիւնը տապալելու քայլերու դիմելէ:

ԳՈՐԾԱՎԱՐ վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի դատավարութեան պիտի չենթարկուի, որովհետեւ ան ապօրինութիւն չէ գործած:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Աալ Քանային, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ` տեղական եւ շրջանային հարցեր:

 

 

Նախորդը

ՏԻՆՔԻ ՀԱՐՑՈՎ ՈՍՏԻԿԱՆՆԵՐ 6 ԱՄԻՍ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԻՆ

Յաջորդը

ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.