«Եուրոմակ» կը հաղորդէ, որ յունական Էսֆիկ վանքին մէջ յոյն յատուկ ջոկատայիններու եւ ըմբոստ վանականներու միջեւ տեղի ունեցած են բախումներ, որոնց պատճառով հոգեւորականներէն մէկը վիրաւորուած է:
Խալքիտիքիի դատարանի վճիռին համաձայն, քսան վանականներ պարտաւոր են վանքը լքել` փոխանցելով զայն 2005-ին ստեղծուած Պոլսոյ հաւատարիմ «նոր եղբայրութեան» վանականներուն: Սակայն «հին եղբայրութեան» ներկայացուցիչները վճռականօրէն յայտարարած են, որ վանքը պիտի չլքեն: Ուստի ոստիկանները փորձած են կոտրել վանքին դարպասները, որուն ի պատասխան հոգեւորականները անոնց վրայ այրող իրեր նետած են:
Էսֆիկմեն Աֆոնի հնագոյն վանքերէն մէկն է եւ կառուցուած է 5-րդ դարուն: Վանքին մէջ կը պահուին բազմաթիւ մասունքներ: Վանքի գրադարանին մէջ կը գտնուին 400 հազար հնագոյն ձեռագիրներ եւ 8 հազար գիրքեր:


