Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ողջունէ Հայաստանի Հետ Բանակցութիւններու Աւարտը

July 27, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ֆիւլէ եւ Էշթըն

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ ապահովութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Քեթրին Էշթըն եւ դրացնութեան եւ ընդարձակման հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ միացեալ յայտարարութեամբ մը ողջունեցին Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան բանակցային հոլովոյթին բարեյաջող աւարտը:

«Մենք ուրախ ենք հաստատելու Հայաստանի հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրի բովանդակային մասի, ներառեալ` Խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի շուրջ բանակցութիւններուն աւարտը: Ասիկա շատ դրական զարգացում է եւ մենք անհամբեր կը սպասենք 29 նոյեմբերին Ընկերակցութեան այս  համաձայնագիրի նախաստորագրման` Վիլնիուսի մէջ տեղի ունենալիք Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովին եւ հետագային վերջնական ստորագրման, երբ բոլոր թեքնիք ընթացակարգային հարցերը լուծուած ըլլան», կ՛ըսուի Ֆիւլէի եւ Էշթընի միացեալ յայտարարութեան մէջ:

Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաները կը նշեն նաեւ, որ 2010-էն սկսեալ այս բանակցութիւններուն աւարտը մեծ յառաջընթաց է թէ՛ Եւրոպական Միութեան, թէ՛ Հայաստանի համար: Ընկերակցութեան համաձայնագիրը թոյլ պիտի տայ Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանին միասին յառաջանալու համապարփակ եւ արդիականացման եւ բարեփոխումներու ուղղութեամբ` կիսելով ընդհանուր արժէքներ, քաղաքական ընկերակցութիւն եւ տնտեսական համարկում:

«Համաձայնագիրը ուղղակիօրէն իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ ամէնօրեայ կեանքին վրայ` աւելի մօտեցնելով Հայաստանը եւ հայաստանցիները Եւրոպական Միութեան: Թոյլ տուէք յայտնելու մեր բարձր գնահատականը երկու կողմերու բանակցողներուն, որոնք հասան այս գերազանց արդիւնքին», յայտնեցին երկու բարձրաստիճան պաշտօնեաները:

Նախորդը

Շարունակելով Իր Հանդիպումները Քաղաքական Կողմերուն Հետ. «Եւրոպական Միութեան Որոշումը Ահաբեկչութեան Դէմ Է Եւ Ոչ Թէ Դիմադրութեան Ըմբռնումին» Յայտարարեց Անժելինա Էխհորեսթ

Յաջորդը

Քաղաքացիական Հասարակութեան Գործիչները Երեւանի Քաղաքապետարանէն Կը Պահանջեն Պաշտօնանկութիւններ Եւ Վնասի Հատուցում Կատարել

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.