Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոնկրեսի Արտաքին Յատկացումներու Յանձնախումբը Պահպանած Է Լեռնային Ղարաբաղին Տրամադրուող Օգնութեան Չափը

July 26, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յատկացումներու ընդհանուր յանձնախումբը 2014 տնտեսական տարուան համար յորդորեց շարունակել օգնութեան տրամադրումը Լեռնային Ղարաբաղին: Հայաստանին յատկացուելիք օգնութեան ճշգրիտ չափը Միացեալ Նահանգներու արտաքին յատկացումներու նախագիծին մէջ չէ նշուած:

Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան ողջունեց որոշումը` յայտարարելով, որ իրենք գոհ են, որ յանձնախումբի նախագահ Քէյ Կրէյնճըր եւ անդամները, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի պնդումով, համաձայնած են ուղղում կատարել 2014 տնտեսական տարուան օտարերկրեայ օգնութեան ծաւալներու կրճատումներ նախատեսող նախագիծին մէջ եւ պահպանել Լեռնային Ղարաբաղի համար նախորդ տարիներուն յատկացուած օգնութեան ծաւալը:

«Յանձնախումբի գերապատուութիւնը Լեռնային Ղարաբաղին յատկացուող կենսական օգնութեան ծրագիրներուն, որ ի դէպ կովկասեան օգնութեան ծրագիրներու միակ օժանդակութիւնն է, որ կը նշուի յանձնախումբի զեկուցումին մէջ, յատկապէս մեծ նշանակութիւն ունի արտաքին օգնութեան կրճատումներու խորապատկերին վրայ», ըսած է Համբարեան` մտահոգութիւն յայտնելով, որ անկախութենէն ի վեր Հայաստանին յատկացուելիք օգնութեան չափը առաջին անգամ ըլլալով չէ նշուած Միացեալ Նահանգներու արտաքին յատկացումներու նախագիծին մէջ:

Իւրաքանչիւր տարի Միացեալ Նահանգներ տնտեսական օգնութիւն կը տրամադրեն Լեռնային Ղարաբաղին: 2007 թուականին այդ օգնութիւնը կազմած է 10 միլիոն տոլար, հետագային նուազած է, իսկ 2014 թուականին համար Հայ դատի յանձնախումբը Միացեալ Նահանգներու վարչակազմէն կը պահանջէր տրամադրել 5 միլիոն տոլար:

 

 

Նախորդը

Որքան Շատ Են Ճնշում Դաշնակցութեանը, Այնքան Աւելի Ենք Ամրանում

Յաջորդը

Երեւանի Քաղաքապետը Կասեցուց Ուղեվարձի Բարձրացման Մասին Որոշումը

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.