9 յուլիսէն ի վեր Նիկերիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցի Թոնի Ամին Նատէր երէկ ազատ արձակուած եւ վերադարձած է Պենինի իր բնակարանը:
Լիբանանի մէջ անոր ընտանիքը յայտնեց, որ ան շուտով Լիբանան պիտի վերադառնայ` շնորհակալութիւն յայտնելով իրենց զաւկին ազատութեան նպաստած միջնորդ կողմերուն:


