Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔՈՆԵԼԼԻՆ ԵՒ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԴԻՒԱՆԻ ՆԻՍՏԻՆ

June 2, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Դեսպան Քոնելլի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ երեսփոխաններուն հետ` չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական աւանդական հանդիպման ծիրին մէջ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շեշտուեցաւ, որ խորհրդարանի ընդհանուր ժողովը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ չորեքշաբթի, 8 յունիսին:

Պըրրի հաստատեց, որ երեսփոխաններու բաւարար թիւ չգոյանալու պարագային, ինք պիտի հրաւիրէ նաեւ երկրորդ, երրորդ եւ չորրորդ նիստերու` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է աշխատիլ` լուծելու համար ժողովուրդին եւ երկրին կարեւոր հրատապ հարցերը:

Անդրադառնալով հաղորդակցութեան միջոցներու մարզին վերաբերող միջադէպին` Պըրրի բաւարարուեցաւ ըսելով, որ ինք պիտի սպասէ այն տեղեկագիրին, որ պիտի պատրաստուի հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարին կազմելիք մասնագէտներու յանձնախումբին կողմէ:

Կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Պըրրի խորհրդարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող քարիւղի թղթածրարը:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտան:

Քոնելլիի հետ իր հանդիպումէն ետք Պըրրի նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին:

Միւս կողմէ, «Սաֆիր» օրաթերթին հետ  ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ նախանցեալ գիշերուան իր հանդիպումը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Պըրրիի քաղաքական հարցերու խորհրդական, երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլ, շատ դրական ընթացած է:

«ՆԱՇՐԱ» կայքէջը` իր տեղեկութիւնները քաղելով բարձրաստիճան պաշտօնատարներէ, հաղորդեց, որ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը Պըրրին ներկայացուցիչ նշանակած է` կառավարութեան կազմութեան առումով բանակցութիւնները վարելու նշանակեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ: Նոյն աղբիւրները աւելցուցին, որ այդ բանակցութիւնները պիտի տեւեն երկու շաբաթ:

 

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՐՑԵՐ

Յաջորդը

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 3 ՅՈՒՆԻՍ 1961 )

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.