Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Խմբակցութիւնը Կը Պատրաստուի Շրջանառութեան Դնել Օրէնքի Նախագիծ` Փոխադրամիջոցներու Սղութեան Գծով

July 25, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արծուիկ Մինասեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան երէկ Tert.am-ին յայտնեց, որ Երեւանի աւագանիի նախընտրական շրջանին Դաշնակցութեան ծրագրային դրոյթներուն մէջ կային կէտեր, որոնք կը վերաբերէին հանրային փոխադրամիջոցներու մարզին մէջ օրէնսդրական անկատարութեան:

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութիւնը կը պատրաստուի յառաջիկային ալ շրջանառութեան մէջ դնել օրէնքի նախագիծ մը, որով փորձ պէտք է կատարուի ներդնել հանրային փոխադրամիջոցներու միասնական կարգաւորման համակարգը` բազմասակագնային համակարգի եւ համագործակցական ծրարներու ներդրումով:

«Հարցը այն է, որ հանրային փոխադրամիջոցը ըլլալով հասարակական բարիք, ուղղակիօրէն կ՛առնչուի տեղական եւ պետական կառավարման հետ, եւ պետութիւնը կամ տուեալ պարագային` քաղաքապետարանը չեն կրնար անտարբեր մնալ ու կառավարման համակարգը պէտք է ստանձնեն, որոշումներ տան: Բայց այնպիսի որոշումներ, որոնք կը բերեն թէ՛ ծառայութիւններու որակի բարելաւման եւ թէ՛ անոնց մատչելիութեան բարձրացման: Ինչպէս շատ մը եւրոպական երկիրներու մէջ կը գործադրուի, բազմասակագնային համակարգը թոյլ կու տայ աժան գինով ձեռք բերել հանրային փոխադրամիջոցի տոմսը եւ երթեւեկել հանրային փոխադրութեան որեւէ միջոցով», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան:

Հանրային փոխադրամիջոցներու ներկայ իրավիճակին հետ կապուած իբրեւ երկրորդ կարեւորագոյն խնդիր Արծուիկ Մինասեան առանձնացուց ներկայ օրէնսդրութեան վերանայման հարցը: Եւ հիմա ՀՅԴ խմբակցութիւնը կ՛աշխատի օրէնքի նախագիծի մը վրայ, որով կ՛առաջարկուի փոխել ներկայ կարգը, ըստ որուն` «ուղեվարձի սակագինի որոշումը վերապահուած է մրցումի կազմակերպման, կայացման եւ մրցումով շահող ճանչցող կեդրոնին` Երեւանի քաղաքապետարանին»:

Ըստ Արծուիկ Մինասեանի, կը պարզուի, որ թէ՛ գին որոշողը, թէ՛ մրցումի պայմաններ փոխողը քաղաքապետարանն է եւ յստակ է, որ անհրաժեշտ է գործառոյթներու անջատում:

 

 

Նախորդը

Ազատ Առեւտուրի Գօտիի Ստեղծման Շուրջ Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Բանակցութիւնները Աւարտեցան

Յաջորդը

5-րդ Օրն Ըլլալով Բողոքը Կը Շարունակուի Փոխադրամիջոցներու Սղութեան Դէմ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.