Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (25 Յուլիս 1963)

July 25, 2013
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական Կեանք

Հայկական Եռագոյնն
Ու Դաշնակցութիւնը

«Գերեալ Ազգերու Շաբաթ»-ի
Բացման Հանդիսութիւնները

Շիքակոյէն կը գրեն 14 յուլիս թուականով.-

Այսօր, 14 յուլիսի 1963, կիրակի, քաղաքիս «Կրենթ փարք»-ի ընդարձակ պարտէզին մէջ, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան եւ տպաւորիչ հանդիսութեամբ, տեղի ունեցաւ բացումը նախագահ Քենըտիի կողմէ յայտարարուած «ԳԵՐԵԱԼ ԱԶԳԵՐՈՒ ՇԱԲԱԹ»-ԻՆ:

Այս առթիւ կազմակերպուած էր շքերթ մը, որուն մասնակցեցան տարագիր բոլոր ժողովուրդներու պաշտօնական ներկայացուցիչները եւ պատգամաւորութիւններ, որոնց կարգին մասնաւոր հրաւէրով ներկայ էր նաեւ ՀՅԴ Շիքակոյի «ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ» կոմիտէութենէն պատուիրակութիւն մը:

Տողանցքի առաջին շարքերուն մէջ եւ հանդիսութեան համար մասնաւորաբար պատրաստուած բեմին վրայ պատուոյ տեղ էր տրուած հայկական եռագոյնին եւ հայ պատգամաւորութեան:

Հանդիսութեան բացումը կատարելով` օրուան նախագահը բեմ հրաւիրեց ՀՅԴ «ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Պարսամեանը, որ աթոռ գրաւեց տարագիր ազգերու ներկայացուցիչներու կարգին:

Հանդէսի յայտագրին գործադրութիւնը տեւեց երկու ժամ: Ներկայ հոծ բազմութիւնը ընդհանուր խանդավառութեան մէջ հետեւեցաւ բոլոր ատենախօսներուն արտայայտութեանց:

Պարզելով «ԳԵՐԵԱԼ ԱԶԳԵՐՈՒ ՇԱԲԱԹ»-ի իմաստն ու նշանակութիւնը անազատ ազգերու եւ Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին համար` ատենախօսները շեշտեցին կարեւորութիւնը գերեալ ժողովուրդներու մարդկային եւ ազգային բոլոր իրաւունքներու իրագործման:

Տեղական մամուլը լայնօրէն արձագանգ կ՛ըլլայ հանդիսութեան: «Շիքակօ Թրիպիուն» հրատարակած է տօնակատարութենէն կարգ մը տեսարաններ, ուր հայ պատգամաւորութիւնը եւ հայկական եռագոյնը կ՛երեւին առաջին շարքերուն վրայ: Մասնակից գլխաւոր ազգերն էին` Հայաստան, Ալպանիա, Պուլկարիա, Ռումանիա, Լեհաստան, Չեխիա, Հունգարիա, Լիթուանիա, Էսթոնիա, Ուքրանիա եւ այլն:

 

Հետաքրքրական

Քենետիի Ստացած Նուէրները

Նախագահ Քենետիի Արեւմտեան Գերմանիա վերջին այցին առիթով, վարչապետ տոքթ. Ատենաուէր նախագահին մանչուկին` Ճոնին համար նուիրած է «Մերսետես» տիպի հեռավար մանրանկար ինքնաշարժ մը` մէկ մեթր երկարութեամբ, իսկ աղջնակին` Քարոլայնին համար պուպրիկ մը: Նախագահ Լիւպքէ ալ Քարոլայնին համար նուիրած է պզտիկ կառք մը եւ արջուկ մը, իսկ փոքրիկն Ճոնին համար կերպասէ շինուած գերման հովիւի նմանակ մը:

Նախագահ Լիւպքէ տիկին Քենետիին համար նուիրած է Պերլինի ճարտարարուեստի արտադրութիւն եղող սուրճի սպաս մը, իսկ վարչապետ տոքթ. Ատենաուէր` ճենապակիէ ծաղկաման մը: Վերջապէս, տոքթ. Ատենաուէր նախագահին նուիրած է առագաստանաւի արծաթեայ նմանակ մը, գործ` 16-րդ դարու:

Ահաւոր Հաշուեկշիռ

1960-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ 27 հազար հինգ հարիւր հոգի մեռած եւ չորս միլիոն հարիւր հազար հոգի ծանրօրէն վիրաւորուած են իրենց տուներուն մէջ:

Այս ահաւոր հաշուեկշիռին գլխաւոր պատճառը տուներու մէջ իբրեւ սանդուխ գործածուող աթոռները եղած են: Յետոյ` շատ փայլեցուած տախտակամածները, սանդուխները: Երրորդ պատճառը` այրուցքը, չորրորդը` վառարանը, հինգերորդը` տղոց տրամադրութեան տակ ձգուած դանակները, լուցկիները եւ թոյները: Վեցերորդը` ելեկտրական գործիքները: Եօթներորդը` տան մէջ մնացած եւ կրկին գործածուած հինցած դեղերը եւ այլն:

Գերմանիոյ Արխիւը

Արեւմտեան Գերմանիոյ Քոմպլենց քաղաքին տասնհինգ յարկանի մէկ շէնքին մէջ հաստատուած է Արեւմտեան Գերմանիոյ Դաշնակցային արխիւը, որուն ժապաւէններու բաժինը աշխարհի ամէնէն նշանաւորներէն մէկն է եւ կը մօտենայ Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի պետական հաւաքածոներուն: Այս ճիւղին մէջ կը գտնուի հինգ միլիոն մեթր ժապաւէն եւ ի միջի այլոց: Բ. Աշխարհամարտի գերմանական բոլոր «Այժմէութիւններ»-ը, որոնց մէջ նաեւ` Հիթլերի վերջին լուսանկարները:

Արխիւին ամէնէն հին ժապաւէնը կը ներկայացնէ աւստրահունգարական գահի գահաժառանգը արհիդուքս Ֆրանց Ֆերտինանը, որուն սպանութիւնը 1914-ին, Ա. Աշխարհամարտին պատճառ եղաւ:

Արխիւին մէջ գտնուող ամէնէն հին վաւերագիրը 1537 թուակիր մէկ հաստատագիրն է Գերմանիոյ Քարլ կայսեր: Վաւերագրերը կազմուած են քառասուն համար հատորներու մէջ: Արխիւը կազմելու որոշումը Արեւմտեան Գերմանիոյ կառավարութիւնը տուած էր 1950-ին, եւ ձեռագրերը հաւաքուիլ սկսած էին, երբ արեւմտեան պետութիւնները վերադարձուցին իրենց բռնագրաւածները:

Ստորերկրեայ Շոգեկաթսայ

Քամչաթքայի Պաննօ գետին հովիտին մէջ կան ստորերկրեայ տաք ջուրերու պաշարներ: Հինգ հարիւր աղբիւրներ, որոնց ջերմաստիճանը, նոյնիսկ հողէն դուրս, 100-էն բարձր է: Երկրաբանները ներկայիս կ՛ուսումնասիրեն ստորերկրեայ այդ հսկայ «շոգեկաթսային» կառուցուածքը:

 

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Փորձ-Հարցարան. Ինչպիսի՞ Ուտող Մըն Էք

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։