Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (24 Յուլիս 1963)

July 24, 2013
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քիւրտերը Իրաքի Մէջ

Իրաքի Ներկայացուցիչին Ուշագրաւ Նամակը
«
Նիւ Եորք Թայմզ» Ամերիկեան Թերթին

Ատնան Փաչաճի` Իրաքի մնայուն ներկայացուցիչը ՄԱԿ-ի մէջ, խիստ ուշագրաւ բաց նամակ մը գրած է «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի, զոր կու տանք ստորեւ.

«Պատերազմ` քիւրտերու դէմ» խորագրով ձեր խմբագրականը կ՛անտեսէ հիմնական որոշ փաստեր եւ կ՛ընէ անճիշդ հաստատումներ, զորս պիտի ուզէի սրբագրել:

Խմբագրականի առաջին իսկ նախադասութիւնը, թէ` «վերջին հազար տարիներու ընթացքին իրաքցիները ի զուր փորձած են ճնշել քիւրտերը, սխալ է, որովհետեւ մտածել կու տայ, թէ իրաքցիներն ու քիւրտերը տարբեր ժողովուրդներ են:

Քիւրտերն ու իրաքցիները նոյն ժողովուրդ են, այդպէս եղած են անյիշելի ժամանակներէ ի վեր: Անոնք երբեք իրարու հանդէպ օտար զգացած չեն եւ երբեք տուժած չեն այն դժուարութիւններէն, որ սովորաբար կ՛ունենան փոքրամասնութիւնները:

Անոնք ունին իրենց յատուկ լեզուական եւ մշակութային անհատականութիւնը, որ ճանչցուած եւ յարգուած է Իրաքի ժողովուրդին կողմէ:

Իրաքի ներկայ կառավարութիւնը ամէն կերպ փորձած է գոհացնել քիւրտերու փափաքը` տիրանալու մշակութային եւ տեղական ինքնավարութեան: Առաջարկած է ապակեդրոնացման ծրագիր մը, որով քրտախօս շրջանները պիտի միացուին իբրեւ մէկ նահանգ եւ պիտի դրուին այդ նահանգի բնակիչներուն կողմէ անմիջօրէն ընտրուած վարչական խորհուրդի մը իշխանութեան տակ:

Նման վարչական խորհուրդ մը իրաւասու պիտի ըլլար զբաղելու կրթական, գիւղական եւ քաղաքային բարենորոգութեանց, փոխադրութեան, առեւտուրի, առողջապահական, աշխատաւորական, ընկերային, հողագործական եւ ոռոգումի խնդիրներով:

Քրտական լեզուն, որ պիտի ըլլար այս նահանգի պաշտօնական լեզուն, պիտի ուսուցուէր նախակրթարաններու մէջ եւ` երկրորդական վարժարաններու առաջին երեք տարիներուն:

Միւս կողմէ, սակայն, Պարազանի ներկայացուց այնպիսի պահանջներ, զորս ոչ մէկ կառավարութիւն ընդունիլ կրնար` առանց խախտելու երկրին անկախութիւնն ու ազգային միութիւնը: Ան առաջարկեց, օրինակ, որ կազմուի առանձին բանակ մը` բաղկացած քիւրտերէ, որ պիտի պահուէր միայն քրտական շրջաններու մէջ: Թէեւ այս բանակը անուանապէս պիտի գտնուէր կեդրոնական կառավարութեան իշխանութեան տակ, սակայն իրականին մէջ պիտի ըլլար անկախ` այս իշխանութենէն, քանի որ հնարաւոր պիտի չըլլար որեւէ գործողութիւն կատարել եւ կամ` ոչ քրտական զինուորական ուժ մտցնել քրտական նահանգը, առանց վերջինիս արտօնութեան:

Ոչ մէկ պետութենէ կարելի է ակնկալել, որ մասնակցի իր սեփական կործանումին` արտօնելով իր հողին վրայ գոյութիւնը առանձին բանակներու: Հետեւաբար Պարազանիի անտրամաբանական պահանջները մերժուեցան:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Ութսունվեց Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Հայերը Ռաքքայի Մէջ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։