ՀամաՀՄԸՄ-ական 9-րդ մարզախաղերուն նախօրեակին, երէկ երեկոյեան ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը յատուկ հանդիպում ունեցաւ այդ մարզախաղերուն իրենց մասնակցութիւնը բերող խումբերուն հետ, որոնք կ՛ընդգրկեն 80-85 լիբանանահայ մարզիկ-մարզիկուհիներ:
«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը մարզիկներուն թելադրանքներ ուղղեց` շեշտելով, որ մարզախաղերուն պէտք է մասնակցիլ այն համոզումով, որ յաղթող ու պարտուող չկայ, այլ յաղթողը միշտ պիտի ըլլայ ՀՄԸՄ-ը: Մետալները երկրորդական են: Դաշտերէն դուրս պէտք է ՀՄԸՄ-ականավայել կեցուածք ունենալ:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի պատուիրակութիւնը պիտի մասնակցի հետեւեալ մարզաձեւերուն. ֆութպոլ, պասքեթպոլ, ճատրակ, փինկ փոնկ, լող, թենիս եւ աթլեթիզմ: Լիբանանի պատուիրակութիւնը Պէյրութէն Երեւան պիտի մեկնի հինգշաբթի, 25 յուլիսի գիշերը:



