
Խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը երէկ գումարեցին նիստ մը, որուն նախագահեց խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի:
Նիստին ընթացքին խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը վաւերացուցին օրինագիծ մը, որ կիները եւ ընտանիքին բոլոր անդամները կը պաշտպանէ ընտանեկան բռնութենէն:
Նիստէն ետք Մքարի փոխանցեց յանձնախումբերուն նիստին որոշումները:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ շնորհաւորեց լիբանանցի կիները այս օրինագիծին վաւերացումին համար` աւելցնելով, որ այդ քայլը կարեւոր կը նկատուի նման օրինագիծ մը խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին վաւերացնելու նպատակով:
Ժեմայէլ կոչ ուղղեց, որ լիագումար նիստին ընթացքին այս օրինագիծին ի նպաստ քուէարկող երեսփոխանական բոլոր պլոքները կառչած մնան իրենց կեցուածքին:
Սամի Ժեմայէլ հաստատեց, որ այդ յաջողութիւնը ինք կը նուիրէ Ռուլա Եաագուպի, որ երկու շաբաթ առաջ զոհ գացած էր ընտանեկան բռնութեան:
Նշենք, որ մինչ խորհրդարանական միացեալ յանձնախումբերը կը գումարէին իրենց նիստը, կիներու իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութիւններու անդամներ ցոյց մը կը կատարէին Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ` պահանջելով վաւերացուած այդ օրինագիծը վաւերացնել նաեւ խորհրդարանի լիագումարին ընթացքին:


