Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 22, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԷՅՐՈՒԹԻ միջազգային օդակայանին մաքսատան բաժանմունքը ձախողեցուց Ափրիկէէն Լիբանան ուղարկուած 12 քիլոկրամ քոքայինի Լիբանան մուտքը եւ յանցագործները փոխանցեց համապատասխան դատական ատեանին:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա կը գլխաւորէ զինք պաշտօնազրկելու պայքարը, սակայն ինք պիտի գոյատեւէ եւ մնայ իր պաշտօնին վրայ:

ԱՔՔԱՐԻ մէջ ընտանեկան հարց մը վերածուեցաւ զինեալ բախումի մը, որուն

պատճառով արձանագրուեցան զոհ մը եւ վիրաւորներ:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ամերիկեան դիւանագիտական աղբիւրներէ, նշեց, որ կան լուրջ մտահոգութիւններ, թէ Լիբանանի մէջ որեւէ պահու կրնայ քաղաքացիական պատերազմ մը բռնկիլ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն Լիբանանի կառավարութեան Հըզպալլայի մասնակցութիւնը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան փոխնախագահ Սըժաան Ազզի յայտնեց, որ վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեան հարցը պիտի քննարկուի Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ խենթութիւն է Հըզպալլան լիբանանեան քաղաքական կեանքէն ջնջելու մասին մտածելը: Ան հաստատեց, որ Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւններու շարքին դասելը կրնայ ներքին հետեւանքներ ունենալ:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ վարչապետ Թամմամ Սալամին յայտնած է, որ Ամալ շարժումը եւ Հըզպալլան շիի համայնքի նախարարներուն նշանակումը պիտի ստանձնեն, իսկ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը պիտի որոշէ համախմբումին նախարարական չափաբաժինը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ վարչապետ Թամմամ Սալամին նախարարական թեկնածուներու անուններ չէ ներկայացուցած:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի յայտնեց, որ ոմանք համայնքային եւ յարանուանական նպատակներու համար  ամէն ջանք ի գործ կը դնեն լիբանանեան բանակին արժանապատուութիւնը խոցելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է կազմել լիբանանեան այնպիսի կառավարութիւն մը, որուն ոչ մէկ քաղաքական ուժ մաս կը կազմէ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Միխայել Տահեր հաստատեց, որ խորհրդարանը չի կրնար օրէնսդրական իր աշխատանքը շարունակել, երբ Լիբանանի կառավարութիւնը հրաժարած է:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով ոչ մէկ զարգացում արձանագրուած է` աւելցնելով, որ կացութիւնը վերադարձած է զերօ կէտին:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերու ընդհանուր քարտուղարութեան անդամ Նաուֆալ Տաու շեշտեց, որ Լիբանան յանձնառու է գործադրելու ՄԱԿ-ի թիւ 1995 բանաձեւը, որ կը պահանջէ ապազինել լիբանանեան միլիսները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆի պէտք է վերադառնայ իր նոյն պաշտօնին, սակայն Հըզպալլան է, որ անոր վերանշանակումը վեթոյի կ՛ենթարկէ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Տորի Շամուն շեշտեց, որ նախորդող օրերուն ընթացքին փաստուած է, որ Հըզպալլա նոյնիսկ իր ներքին ապահովութիւնը չի կրնար պաշտպանել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Շալետ Տահեր շեշտեց, որ Ապրայի մէջ պատահածը հարաւային Լիբանանի մէջ դիրքաւորուած լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան կողմէ ծրագրուած գործողութիւն մըն էր, որուն նպատակն էր բանակի սիւննի սպաները հեռացնել բանակին մէջ սիւննի համայնքին յատուկ դիրքերէն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր յայտնեց, որ Լիբանան ենթակայ է ազգային երկխօսութեան, որ միակ միջոցն է լուծելու լիբանանեան ներքին տագնապը:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Սէուտական Արաբիա կը փափաքի Լիբանանի շիի համայնքի զաւակները լուսանցքայնացնել, իսկ այդ թղթածրարին պատասխանատուն է Սէուտական Արաբիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Պանտար պըն Սուլթան իշխանը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նուհատ Մաշնուք շեշտեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա իր տուած խոստումները չի յարգեր:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատու գրասենեակի տնօրէն Ռամի Ռայիս ողջունեց երկխօսութեան կոչերը` մաղթելով, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան առումով երեւան եկած արգելքները չէզոքանան:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Թալալ Մերեհպի յոյս յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման արագացնէ Ազգային երկխօսութեան նիստի մը հրաւիրելու նախաձեռնութիւնը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին յայտնեց, որ իրենք պիտի դիմադրեն ներքին լիբանանեան սադրանքներուն` արգիլելով անոնց պատահիլը: Սէյիտ Սաֆիէտտին կոչ ուղղեց կազմելու Լիբանանի կառավարութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր շեշտեց, որ դժբախտաբար Լիբանանի մէջ ազգային երկխօսութեան բացակայութեան անոր կը փոխարինէ միայն քաղաքացիական պատերազմը:

 

Նախորդը

Պելճիքայի Թագաւորը Գահը Կը Զիջի Իր Որդիին

Յաջորդը

Շարպել. «Եթէ Ներքին Ապահովութեան Ուժերու Թիւին Նուազեցումը Այս Կամ Այն Պետական Անձնաւորութեան Պիտի Վնասէր, Ապա Նման Որոշում Չէինք Տար»

RelatedPosts

Աթալլա. «Պշարրէի Խումբի Գործին Մէջ  Վերջին Խօսքը Արդարադատութեան Պէտք Է Ձգել»
Լիբանանեան

Աթալլա. «Պշարրէի Խումբի Գործին Մէջ Վերջին Խօսքը Արդարադատութեան Պէտք Է Ձգել»

November 28, 2026
Ամմար. «Մեր Լռութիւնը Տկարութեան Նշան Չէ,  Այլ` Լիբանանի Շահերէն Մեկնելով Մեր Հեռատեսութեան»
Լիբանանեան

Ամմար. «Մեր Լռութիւնը Տկարութեան Նշան Չէ, Այլ` Լիբանանի Շահերէն Մեկնելով Մեր Հեռատեսութեան»

November 28, 2026
Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Պայրագտարեան Լիբանանի Ողիմպիական  Յանձնախումբի Տագնապի Աւարտը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Պայրագտարեան Լիբանանի Ողիմպիական Յանձնախումբի Տագնապի Աւարտը Յայտարարեց

November 28, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։