Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Հանդիսաւորապէս Նշեց Իր Կազմաւորման 20-ամեակը

July 20, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ  մասնակցեցաւ  Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան կազմաւորման 20-ամեակին առիթով տեղի ունեցած հանդիսաւոր ձեռնարկին: Իր խօսքին մէջ նախագահը  շնորհաւորեց նախարարութեան անձնակազմը յոբելեանին առիթով եւ նշեց, որ նախարարութեան   կազմաւորումը Արցախի պետականաշինութեան եւ ազգային-ազատագրական պայքարի ամէնէն ճակատագրական հատուածներէն մէկուն մէջ եղած է ժամանակի պահանջ ու անհրաժեշտութիւն: Բակօ Սահակեան ընդգծեց, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Արցախի պետականութեան կարեւորագոյն հիմնարկներէն մէկն է,  որ իր գործունէութեան առաջին իսկ օրէն դիւանագիտական ճակատի վրայ կը պաշտպանէ Արցախի Հանրապետութեան եւ անոր ժողովուրդին շահերը միջազգային տարբեր ատեաններուն ու հարթակներուն վրայ` աւելցնելով, որ պետութիւնը պիտի շարունակէ ըստ ամենայնի աջակցիլ նախարարութեան առջեւ դրուած խնդիրներու լուծման:

Այնուհետեւ երկրին ղեկավարը պետական պարգեւներ յանձնեց եւ դիւանագիտական աստիճան շնորհեց արտաքին գործոց նախարարութեան խումբ մը աշխատակիցներուն: Հանդիսութեան կը մասնակցէին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան,  Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ  Արկադի Ղուկասեան, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Լեռնային Ղարաբաղի ներկայ եւ նախկին արտաքին գործոց նախարարները, պետական, քաղաքական եւ հասարակական հատուածներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ արտերկրէն հիւրեր:

Նալբանդեան Կը Մասնակցի 20-ամեակի
Հանդիսաւոր Ձեռնարկին

Երէկ Ստեփանակերտ ժամանած Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը Արցախի Հանրապետութեան նախագահին ներկայացուց 12 յուլիսին Վիեննայի մէջ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ տեղի ունեցած հանդիպման մանրամասնութիւնները:

Նախագահ Սահակեան եւ նախարար Նալբանդեան զրոյց ունեցան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթին շուրջ:

Հանդիպման ընթացքին երկու կողմերը կարեւոր նկատեցին Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ աշխուժ եւ համակարգուած աշխատանքը:

Երէկ նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ հանդիպում ունեցաւ նախարար Կարէն Միրզոյեանի, արտերկրի մէջ Արցախի ներկայացուցիչներուն եւ նախարարութեան աշխատակիցներուն հետ: Շնորհաւորելով արցախցի դիւանագէտները Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան հիմնադրման 20-ամեակին առիթով` նախարար Նալբանդեան նշեց, որ պիտի շարունակէ համակողմանի աջակցութիւնը Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան գործունէութեան: Էդուարդ Նալբանդեան ներկայացուց ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին վերջին զարգացումները եւ պատասխանեց արցախցի դիւանագէտներու հարցումներուն:

Աւելի ուշ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ Էդուարդ Նալբանդեան մասնակցեցաւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան 20-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր նիստին:

Խօսք առնելով հանդիսաւոր նիստին` նախարար Նալբանդեան յայտնեց, որ մասնաւորապէս անկախ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հիմնադրուեցաւ պատերազմի պայմաններուն մէջ: Երկու տասնամեակ ետք խաղաղ, գեղատեսիլ եւ բարեկարգ Ստեփանակերտի մէջ այս գեղեցիկ սրահին մէջ, այսքան տօնական տրամադրութեամբ կը նշուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան հիմնադրման 20-րդ տարեդարձը:

Նախարար Նալբանդեան ընդգծեց, որ այս քսան տարիները, որոնք հետագայ սերունդներուն եւ պատմագիրներուն համար պատմական ակնթարթ կը թուին, մեզի` ժամանակակիցներուս համար, կը ներկայացնեն ամբողջ դարաշրջան մը:

Նախորդը

Աւստրալիացի Խորհրդարանականները Կոչ Կ՛ուղղեն Թուրքիոյ Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.