Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւստրալիացի Խորհրդարանականները Կոչ Կ՛ուղղեն Թուրքիոյ Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

July 20, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի խորհրդարանի պատուիրակութեան անդամ Մարի Ֆիքարա «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ արհեստագիտական եւ արագ հաղորդակցման արդի պայմաններուն մէջ պարզապէս անօգուտ է շարունակել Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողական քաղաքականութիւնը: Ան աւելցուց, որ աւստրալիացի խորհրդարանականներու գործողութիւնները պիտակաւորելու փոխարէն, թրքական կառավարութիւնը աւելի լաւ է արժանապատուօրէն յաղթահարէ խնդիրը:

«Վերջին վեց ամսուան ընթացքին թրքական կողմի ճնշումները Աւստրալիոյ հայամէտ քաղաքական գործիչներուն նկատմամբ շատ աւելի բուռն դրսեւորում ստացան: Յատկապէս յարձակողական է վերաբերմունքը օտարազգի գործիչներուն նկատմամբ: Հակառակ ատոր` աւստրալիացի իմ գործընկերներս եւ յատկապէս Վերին պալատի անդամները, որ այսօր այստեղ են, աննկուն մնացին իրենց դիրքորոշումներուն մէջ եւ տեղի չտուին թրքական յարձակումին», ըսաւ աւստրալիահայ պատգամաւոր, Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի փոխադրամիջոցներու նախարար Քլավիս Պերեճիքեան:

Անդրադառնալով Թուրքիոյ զգայացունց յայտարարութեան, որով կ՛արգիլուէր աւստրալիացի օրէնսդիրներու մասնակցութիւնը Կալիփոլիի մէջ տեղի ունեցող «Անզաք»-ի յիշատակի արարողութիւններուն` խորհրդարանական Տէյվիտ Քլարք մեկնաբանեց, որ «Անզաք» մեծ նշանակութիւն ունի աւստրալիացի ժողովուրդին համար: «Արգիլել Թուրքիա այցելել այն մարդոց, որոնք կը ցանկան, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցուի, կը  նշանակէ փորձել իշխել աշխարհին, որ արդէն կ՛անցնի սահմանագիծը», ընդգծեց Քլարք:

Իսկ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը վերահաստատող բանաձեւի հեղինակ Ֆրետերիք Նայլ յոյս յայտնեց, որ թուրք ակադեմական շրջանակներուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման փաստը պիտի օգնէ թրքական կառավարութեան ընդունիլ Օսմանեան կայսրութեան անցեալը եւ դէմ առ դէմ կանգնիլ ճշմարտութեան հետ:

Խորհրդարանականները համակարծիք էին, որ թրքական կառավարութիւնը պէտք է հետեւի ժամանակակից Գերմանիոյ եւ Աւստրալիոյ օրինակին եւ ներում հայցէ անցեալին կատարուած անարդարութիւններուն համար: Ինչպէս կը մեկնաբանեն օրէնսդիրները, իրենց նպատակը ոչ թէ ժամանակակից Թուրքիոյ վրայ յարձակիլը կամ մեղադրելն է, այլ` «Հայոց ցեղասպանութիւնը պատմական իրողութիւն է, որ պէտք է ճանչցուի»:

Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ` 12 յուլիսին Հայաստան ժամանած Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի խորհրդարանական 7 հոգինոց պատուիրակութիւնը նախանցեալ օր ամփոփեց իր աշխատանքային այցելութիւնը Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ եւ երէկ Աւստրալիա վերադարձաւ:

 

Նախորդը

«Պատրաստ Ենք Որեւէ Ձեւով Կամ Երկխօսութեամբ Քննարկելու Ազգային Պաշտպանութեան Ռազմավարութիւնը» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Յաջորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Հանդիսաւորապէս Նշեց Իր Կազմաւորման 20-ամեակը

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.