Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Մուամմեր Կիւլեր յայտարարած է, որ թրքական ոստիկանութիւնը երբեք դուրս չէ եկած ժողովրդավարութեան ծիրէն եւ անօրինական ոչինչ կիրարկած է:
«Կեզի հանրապարտէզին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն ընթացքին ոստիկանութեան կողմէ անօրինական ոչինչ կիրարկուած է: Ոստիկանութիւնը գործած է այն լիազօրութիւններով, որոնք ամրագրուած են օրէնսդրութեամբ», ըսած է Կիւլեր:
Ըստ նախարարին, օրէնքի պահապաններուն դէմ սադրիչ գործողութիւններ տեղի ունեցած են:
Թուրքիոյ մէջ անցեալ ամսուան ընթացքին տեղի ունեցան բողոքի ցոյցեր, որոնք իշխանութիւններուն պնդումով հակակառավարական բնոյթ ունէին:
Թուրքիոյ ընդդիմութիւնը ոստիկանութիւնը կը մեղադրէ անհամաչափ ուժ օգտագործելու յանցանքով:


