Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Հարաւային Ուէյլզի Խորհրդարանի Եւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատուիրակութիւնը` Արցախի Մէջ

July 18, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունեց Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուէյլզի նահանգի պաշտօնական պատուիրակութիւնը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Նոր Հարաւային Ուէյլզի եւ Արցախի միջեւ կապերու զարգացման առնչուող հարցեր:

Նախագահ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնեց Նոր Հարաւային Ուէյլզի նահանգի իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին` Արցախին սատարելու եւ անոր անկախութիւնը փաստացի կերպով ճանչնալու համար` աւելցնելով, որ ասիկա կարեւոր քաղաքական եւ բարոյական քայլ էր Արցախի միջազգային ճանաչման եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու հաստատման տեսանկիւններէն: Երկուստեք նշուեցան փոխադարձ գործակցութեան համար առկայ բոլոր անհրաժեշտ պայմաններու առկայութիւնը եւ այս ուղղութեամբ աշխատելու պատրաստակամութիւնը:

Հանդիպման մասնակցեցան Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Արթուր Թովմասեան, Աւստրալիոյ մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Վարուժան Իսկանդարեան, Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի անդամներ եւ պաշտօնատար այլ անձեր:

Հանդիպում` Ազգային Ժողովի Նախագահին Հետ

Ազգային ժողովի նախագահին հետ հանդիպումէն պահ մը

Պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի հետ: Ողջունելով հիւրերը` Ազգային ժողովի նախագահը գոհունակութիւն յայտնեց անոնց այցելութեան առիթով: «Մեզի համար շատ ոգեւորիչ էր նախորդ տարուան հոկտեմբերին ձեր ընդունած բանաձեւը` Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը ճանչնալու մասին, բանաձեւ մը, որուն հեղինակները այսօր մեզի հետ են», ընդգծեց Աշոտ Ղուլեան միաժամանակ նշելով, որ միայն ժողովրդավարական չափանիշները ճիշդ կերպով ընկալող մարդիկ ու կառավարման մարմինները կրնան նման գնահատելի քայլի դիմել` կարեւոր նկատելով ժողովուրդներու ազատութեան եւ անկախութեան իրաւունքը: Յոյս յայտնելով, որ բաւական հեռանկարային համագործակցութիւն կը ծաւալի երկու խորհրդարաններուն միջեւ, Ազգային ժողովի նախագահը յայտնեց, որ այդ տեսլականով յառաջիկային պիտի մշակուի եւ կեանքի կոչուի փոխադարձ յարաբերութիւններու եւ փոխադարձ գործակցութեան ծրագիր: Հանդիպումին ընթացքին Հայ-աւստրալիական խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի նախագահ Ճոնաթան Օտի յայտնեց. «Մենք ամէն ինչ պիտի ընենք, որպէսզի երկրին միւս նահանգներուն խորհրդարանները եւս  ընդունին այսպիսի բանաձեւեր»: Անոր համաձայն, պէտք է աշխատանք տանիլ, որպէսզի միւս նահանգները եւս բանաձեւով դիմեն կեդրոնական իշխանութիւններուն` յորդորելով ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը:

Հանդիպման ներկայ եղան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորական խմբակցութիւններու ղեկավարներ Գագիկ Պետրոսեան եւ Արմէն Սարգսեան, Աւստրալիոյ մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Վարուժան Իսկանդարեան, պատուիրակութեան Երեւանէն ուղեկցող  Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Շուշան Պետրոսեան:

Զրոյցի աւարտէն ետք Աւստրալիայէն ժամանած պատուիրակութիւնը եւ անոր ուղեկցող անձերը մասնակցեցան Ազգային ժողովի պատգամաւորական կազմի, դատական եւ գործադիր իշխանութիւններուն ղեկավար անձնակազմին, երկրին քաղաքական կառոյցներուն եւ ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ նիստերու մեծ դահլիճին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին:

Նախորդը

Ի Պաշտպանութիւն Հրաչեայ Յարութիւնեանի Ցոյցերը Կը Շարունակուին. Յովիկ Աբրահամեան Կը Դատապարտէ Յարութիւնեանի Նկատմամբ Անմարդկային Վերաբերմունքը

Յաջորդը

Լրատուամիջոցներու Համակարգող Խորհուրդի Հերթական Նիստը

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.