
Ի պաշտպանութիւն Ռուսիոյ մէջ ինքնաշարժի արկածի գործով միակ մեղադրեալ` հայ վարորդ, ազատամարտիկ Հրաչեայ Յարութիւնեանի, երէկ եւս Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան առջեւ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը:
Մինչ այդ, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, կրկին ցաւակցելով Փոտոլսքի մօտակայքին տեղի ունեցած արկածին պատճառով զոհուածներու հարազատներուն, ափսոսանք յայտնեց եւ դատապարտեց արկածին համար մեղադրուող բեռնատարի վարորդ, Հայաստանի քաղաքացի Հրաչեայ Յարութիւնեանի նկատմամբ դատարանին մէջ դրսեւորուած անթոյլատրելի, անմարդկային վերաբերմունքին առնչութեամբ:
Ազգային ժողովի նախագահը յոյս յայտնեց, որ Ռուսիոյ իրաւապահ մարմինները եւ համապատասխան կառոյցները անհրաժեշտ քննութիւն կատարեն եւ պատշաճ գնահատական տան Հայաստանի քաղաքացիին նկատմամբ մարդկային արժանապատուութիւնը վիրաւորող գործողութիւններ կատարած անձերուն` համարժէք պատասխանատուութեան ենթարկելով զանոնք, ինչպէս նաեւ պարզեն արկածի իսկական հանգամանքները:
Ռուսիոյ Դեսպանատան Յայտարարութիւնը
Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը երէկ հաղորդագրութիւն մը տարածեց հայաստանցի վարորդի մասնակցութեամբ մերձմոսկովեան Փոտոլսք քաղաքի մերձակայքին մէջ տեղի ունեցած արկածին եւ անոր շուրջ զարգացումներուն վերաբերեալ:
«Ցաւալի է, որ սոյն թուականի 13 յուլիսին մերձմոսկովեան Փոտոլսք քաղաքի մերձակայքին մէջ տեղի ունեցած արկածը, որուն պատճառով 18 անձեր զոհուած են, առանձին անհատներ կ՛օգտագործեն հակառուսական կիրքեր բորբոքելու համար: Միանգամայն անտեղի կը նկատենք այս մեծ մարդկային ողբերգութիւնը քաղաքական նպատակներով օգտագործելուն եւ ռուս-հայկական յարաբերութիւնները խաթարելուն ուղղուած գործողութիւնները: Անընդունելի են պատուիրուած քաղաքականացած գնահատականները: Փոտոլսքի մերձակայքը տեղի ունեցած ողբերգութիւնը ազգային երանգաւորում չունի, անիկա կը հետաքննուի համակողմանի, մանրակրկիտ ու անկողմնակալ կերպով եւ առանց զգացմունքայնութեան», ըսուած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:


