Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Խորհրդարանի Աշխատանքներուն Արգելակումն Ու Բանակին Դէմ Յարձակումը Նոյն Մետալին Երկու Երեսներն Են»

July 18, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան հանդիպումին, որուն ընթացքին ան յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ իրենց վկայած ամէնէն վտանգաւոր իրականութիւնը բանակին դէմ գործուած յարձակումն է:

Պըրրի շեշտեց, որ բանակին վրայ այդ յարձակումը կասկածելի է, որովհետեւ այս հանգրուանին անիկա կը հարուածէ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Պըրրի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին դէմ յարձակումն ու խորհրդարանի աշխատանքներուն արգելակումը նոյն մետալին երկու երեսներն են:

Ան շեշտեց երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը շարունակելու կարեւորութիւնը:

Միւս կողմէ, Պըրրի ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Փլամպլի յայտնեց, որ Լիբանանի անկախութիւնը պաշտպանելու լաւագոյն ձեւը լիբանանեան պետական հաստատութիւններու աշխատանքին ամրապնդումն է եւ անոր նկատմամբ յարգանքի պահպանումը:

Փլամպլի շեշտեց, որ նոր կառավարութեան կազմութեան ուշացումը մտահոգիչ է, եւ կոչ ուղղեց բոլորին գործակցելու վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ նոր կառավարութիւն մը կազմել:

Անդրադառնալով բանակին` Փլամպլի ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակը ՄԱԿ-ի  համար հիմնական գործընկեր է, եւ ՄԱԿ-ի համար շատ կարեւոր է, որ բանակի հրամանատարութեան պաշտօնին մակարդակով դատարկութիւն չարձանագրուի:

Փլամպլի յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը տակաւին կը զօրակցի լիբանանեան գերիշխանութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումին եւ «Պաապտայի յայտարարութեան» նկատմամբ ցուցաբերուած կառչածութեան:

Նախորդը

Ճարտարարուեստի Նախարարութիւնը Ձեռարուեստի Լիբանանեան Սենտիքային Յանձնեց Ցուցասրահ Մը

Յաջորդը

Նախագահ Սլէյման Ժիւփէի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.