
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Պաքուի մէջ յայտարարած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները պէտք է աշխուժացնեն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ջանքերը:
Ան աւելցուցած է, որ «Լեռնային Ղարաբաղի հարցը պէտք է լուծուի Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան հիման վրայ»:
Տաւութօղլու Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ ունեցած բանակցութիւններէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է, որ «քսան տարուան ընթացքին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը չէ կրցած յաջողութեան հասնիլ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ, եւ միջազգային ընտանիքը պէտք է հարց տայ ինքնիրեն` պատճառը ի՞նչ է»:
Հանդիպումին ընթացքին երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերող նիւթեր, ինչպէս նաեւ ղարաբաղեան հարցը:
Մամետեարով. «Մենք Շատ Դժգոհ Ենք
Մինսքի Խմբակին Գործունէութենէն»
1news.az կը հաղորդէ, որ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարած է, որ իրենք շատ դժգոհ են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի գործունէութենէն` աւելցնելով, որ իրենց դժգոհութիւնը «բնական» է, որովհետեւ աւելի քան քսան տարիէ ի վեր շարունակուող բանակցութիւններուն ընթացքին որեւէ յառաջընթաց չէ արձանագրուած:
«Ազրպէյճան շատ դժգոհ է Մինսքի խմբակի գործունէութենէն, որովհետեւ մեր հողերը մինչեւ այսօր բռնագրաւուած են: Մենք շատ ուրախ պիտի ըլլայինք, եթէ խնդիրի լուծման հոլովոյթին մէջ այս տարիներուն ընթացքին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի միջնորդութեամբ որեւէ յառաջընթաց արձանագրուէր… Մենք, սակայն, որեւէ յառաջընթաց չենք տեսներ, ուստի բնական է, որ դժգոհ ենք Մինսքի խմբակի աշխատանքէն», նշած է Մամետեարով:
Շարմազանով Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ
Չխառնուելու Լեռնային Ղարաբաղի
Տագնապի Լուծման Հոլովոյթին

Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով անդրադարձաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի` երէկ Պաքուի մէջ կատարած յայտարարութեան, թէ Թուրքիա միշտ սատարած է ու կը սատարէ Ազրպէյճանին եւ պատրաստ է նպաստելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման:
«Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր յայտարարութեամբ վերահաստատեց, որ իր պետութիւնը կը նպաստէ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական տագնապի ոչ թէ արդարացի, այլ ազրպէյճանամէտ լուծման: Ուստի, եթէ Թուրքիա իսկապէս շահագրգռուած է ղարաբաղեան-ազրպէյճանական տագնապի շուտափոյթ լուծումով, ապա պէտք է կատարէ պարզ քայլ մը` չխառնուի եւ չմիջամտէ լուծման հոլովոյթին», յայտարարեց Շարմազանով:


