Փաղանգաւոր կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին անհրաժեշտ նկատուեցաւ արտակարգ կառավարութեան մը կազմութիւնը, որուն մէջ ներկայացուած կ՛ըլլան լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը:
Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը շեշտեց, որ Լիբանան այս հանգրուանին միագոյն կամ սովորական կառավարութիւն չի կրնար հանդուրժել` նկատի ունենալով իր դիմագրաւած արտակարգ մարտահրաւէրները:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը շեշտեց, որ երկրին կառավարութեան մէջ պէտք է ներկայացնել լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը` աւելցնելով, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ժողով մը չեն գումարած եւ որոշում մը չեն տուած այս կամ այն քաղաքական կողմը կառավարութենէն դուրս ձգելու մասին:


