«Լա լիկա»-ի ակումբներէն Վալենսիա համաձայն գտնուեցաւ Չելսիէն փոխ առնելու Օրիոլ Ռոմէուն` յառաջիկայ տարեշրջանին համար, որպէսզի անիկա կարենայ լաւ արդիւնք արձանագրել Սպանիոյ ախոյեանութեան եւ «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին:
Լուրը փոխանցող «ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ նաեւ, որ 21 տարեկան Ռոմէու արտադրութիւնն է Պարսելոնայի ֆութպոլի երիտասարդներու ակադեմիային:
Ռոմէու, որ 2011-ի ամրան Պարսելոնայէն միացաւ լոնտոնեան ակումբին, նախորդ տարեշրջանին անոր հետ կատարեց միայն 9 մրցում` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:


