ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ մէջ հանդէս եկող հայ ֆութպոլիստները շատ հաւանաբար փոխեն իրենց ակումբները:
Նախորդ տարեշրջանին Հելիոս Խատքովի հետ հանդէս եկած Արթուր Եաղմուրեան շատ հաւանաբար տեղափոխուի Զիրքա Քիրովոկրատ: Վերջինս նախորդ տարեշրջանին Ուքրանիոյ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2012-2013 տարեշրջանին գրաւեց 8-րդ դիրքը:
Իսկ հայրենի այլ ֆութպոլիստ Գեղամ Քատիմեան (Թիթան Արմիանսք) շատ հաւանաբար տեղափոխուի Սումին:


