
84 տարեկան եգիպտացի գործարար Մոհամետ Ֆայետ նախորդ շաբաթավերջին ծախեց Ֆուլհեմի` իր տրամադրութեան տակ գտնուող բաժնետոմսերը, յայտնեց անգլիական ֆութպոլի ակումբին պաշտօնական կայքէջը:
Այսպիսով, նոր ակումբին սեփականատէրը դարձաւ ամերիկացի միլիառատէր, փաքիստանեան ծագում ունեցող Շահիտ Խան: Ակումբին բաժնետոմսերուն հարիւր առ հարիւրը, որոնք այժմ կը պատկանին Խանին, կը գնահատուին 200 միլիոն սթերլինով:
Ֆայետ իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ. «Ակումբը այժմ ապահով եւ լաւ ձեռքերու մէջ է. մանաւանդ որ Խան մարզական աշխարհին մէջ բաւական լաւ յաջողութիւն կրցած է ձեռք ձգել: Բոլոր անոնք, որոնք կը սիրեն Ֆուլհեմը եւ անհանգիստ կը զգային անոր ճակատագիրով, կը խնդրեմ, որ ողջունեն ակումբին նոր սեփականատէրը»:


