
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 12 յուլիսին այցելեց Ասկերան եւ հրաւիրեց աշխատանքային խորհրդակցութեան` նուիրուած շրջանին մէջ կարկուտի հետեւանքներուն վերացման հոլովոյթին:
Զեկուցումներ տուին գիւղատնտեսութեան նախարար Անդրանիկ Խաչատրեան, Ասկերանի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Սերկէյ Գրիգորեան եւ համապատասխան կառոյցներու ներկայացուցիչներ:
Նախագահը կարեւոր նկատեց բնական աղէտի հետեւանքներու վերացման աշխատանքներուն պատշաճ մակարդակով կազմակերպումը` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է կատարել ամէն ինչ` հողերու ըստ կարելւոյն շուտ վերականգնման համար: Նախագահ Սահակեան համապատասխան յանձնարարականներ տուաւ շահագրգիռ մարմիններու ղեկավարներուն:
Խորհրդակցութեան կը մասնակցէին վարչապետ Արա Յարութիւնեան, փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:


