
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն շաբաթ առաւօտեան «Նուր» ձայնասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին հաստատեց, որ եթէ Հըզպալլա մաս չկազմէ կառավարութեան, ապա իրենք եւս պիտի մերժեն կառավարութեան մաս կազմել:
Զօր. Աուն ընդգծեց, որ 2006-ի յուլիսեան պատերազմին իր որդեգրած կեցուածքը ազգային էր` նշելով, որ Դիմադրութեան հետ իրենց ունեցած ռազմավարական փոխադարձ ըմբռնումը անխախտ կը մնայ: Ան յայտնեց սակայն, որ ներքին լիբանանեան որոշ հարցերու առումով փոխադարձ գործակցութիւնը պէտք է աւելի ճկուն ըլլայ:
Զօր. Աուն ըսաւ, որ Հըզպալլա շատ սուղ կը վճարէ Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը պահպանելու համար:
Ան նշեց նաեւ, որ Սէուտական Արաբիա կը փափաքի լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ մերձեցումի անհրաժեշտութիւնը, իսկ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կամ ոեւէ քաղաքական ուժի հետ մերձեցումը կ՛ողջունենք եւ զայն կը ծառայեցնենք լիբանանցիներուն շահերուն:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ ժամանակի իմաստով կառավարութեան կազմութիւնը կրնայ յաւելեալ ամիսներու կարօտիլ: Այս ծիրին մէջ ան ըսաւ, որ իրենք խստիւ կը մերժեն Սալամի պայմանները:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իր յարաբերութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` զօր. Աուն յայտնեց, որ քաղաքական մակարդակի վրայ իրենք մերթ կը համաձայնին Պըրրիի հետ եւ մերթ տարակարծիք դուրս կու գան:
Շրջանային իրադարձութիւններուն մասին զօր. Աուն յայտնեց, որ սիւննի համայնքը ներկայիս կը մերժէ ենթարկուիլ Իսլամ եղբայրներուն պարտադրած ծայրայեղութեան` աւելցնելով, որ Միջին Արեւելքի մէջ կարելի է երկարատեւ խաղաղութեան հասնիլ այն ատեն միայն, երբ վարչակարգերը կը բարելաւուին եւ նոյն մակարդակին կը հասնին:
Միւս կողմէ, լիբանանեան մամուլին մէջ անցեալ շաբաթավերջին նշուեցաւ, որ երեսփոխան զօր. Միշել Աուն պիտի չմասնակցի որեւէ նիստի, որուն ընթացքին կարելի է երկարաձգել բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը:
Անհրաժեշտ է աւելցնել նաեւ, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ հաւանական մերձեցումի նշոյլներ կրնան երեւան գալ` Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կողմէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիին տրուելիք այցելութեամբ:
«Ախպար» օրաթերթին համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներ շեշտած են, որ զօր. Աունի եւ Հարիրիի միջեւ արդէն իսկ անուղղակի հաղորդակցութիւն մը կայ` հասարակաց բարեկամներու ընդմէջէն:
Ըստ նոյն օրաթերթին, Հարիրիի կողմէ պատուիրակ մը պիտի այցելէ Ռապիէ:
Նոյն շրջագիծին մէջ, Ազգային ազատ հոսանքի աղբիւրներ ընդգծած են, որ Սաատ Հարիրիի հետ որեւէ մերձեցում Հըզպալլայի հաշուոյն պիտի չըլլայ:


