ՀՄԸՄ-ի Սկաուտի Օրուան
Աննախընթաց Տօնակատարութիւնը
Երէկ` կիրակի, 14 յուլիս 1963, Պուա տը Պուլոնեը ՀՄԸՄ-ի սկաուտական գեղատեսիլ բանակատեղիին մէջ աննախընթաց հանդիսութեամբ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Սկաուտական խորհուրդի կազմակերպած Սկաուտի օրուան բանակում-հանդէսը` նախագահութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեանի եւ ներկայութեամբ բազմահազար հանդիսականներու:
Բացառիկ յաջողութիւն մը արձանագրեց սկաուտական այս ցնծատօնը, ուր ՀՄԸՄ-ի սկաուտները, գայլիկներն ու արենուշները ցուցադրեցին իրենց արժանիքները` խանդավառ ծափեր խլելով:
Հանդէսին բացումը կատարեց ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յովհաննէս Շահինեան: Խօսք առին Լիբանանի ֆետերասիոնի փոխնախագահ եւ սկաուտութեան միջազգային գրասենեակի ներկայացուցիչ Ապտիւլ ուհապ Ռիֆայի եւ ընդհանուր սկաուտապետ Հայկ Պէյլերեան:
Ջուրի Տագնապը Ալէյի Մէջ
Այս Անփութութիւնը Անբացատրելի Կը Մնայ
Ճիշդ ութ օրէ ի վեր Ալէյի գիւղագնացները ջուրի երես տեսած չեն: Խողովակներէն կաթիլ մ՛իսկ ջուր չէ հոսած ութ օրուան ընթացքին: Գիւղագնացները խմելիք եւ գործածելիք ջուրը կը փոխադրեն Պէյրութէն կամ Սոֆարէն:
Ճիշդ է որ Ալէյ տարիներէ ի վեր ջուրի տագնապ ունէր եւ առհասարակ օդափոխութեան վերջին ամիսներուն կը սաստկանար այդ տագնապը: Այս տարի անբացատրելի երեւոյթ մը պարզուած է. յուլիսի սկիզբէն իսկ ցամքած են ջուրի խողովակները. ո՛չ ջուրի ընկերութիւնը եւ ո՛չ ալ կառավարութիւնը կ՛անդրադառնան այս անհոգութեան պատճառելիք ծանր հետեւանքներուն: Ալէյի երեսփոխաններն ալ, որոնք պատասխանատու են զիրենք ընտրող ժողովուրդին առջեւ, անմիջական դարմանի մասին չեն մտածեր:
Գիւղագնացներէն ոմանք արդէն ձգած են իրենց տուները եւ` Պէյրութ վերադարձած: Ուրիշներ կը պատրաստուին հետեւելու անոնց, եթէ անմիջական կարգադրութիւն մը չըլլայ: Իսկ յառաջիկայ տարի ոչ ոք կը համարձակի օդափոխութեան երթալու Ալէյ:
Ինչո՞ւ չեն անդրադառնար այս անհոգութեան յառաջացնելիք հետեւանքներուն: Եթէ այս անփութութիւնը հիմնական դարմանումի չենթարկուի, շատ մութ պիտի ըլլայ Լիբանանի օդափոխութեան մայրաքաղաք Ալէյի ճակատագիրը:
Գիտենք, թէ ջուրի պակասը չէ միայն այս անկարգութեան պատճառը: Մանաւանդ այս տարի հեղեղային անձրեւներ եկան եւ ջուրի ստորերկրեայ շտեմարանները հարուստ են ջուրի քանակութեամբ: Այս վիճակին գլխաւոր պատճառը պատասխանատու հաստատութեանց թեթեւ եւ անհեռատես ընթացքն է:
Անխղճութիւն չէ՞ հանգիստի համար գիւղագնացութեան գացող ընտանիքները ենթարկել այսքան ծանր զրկանքներու:
