«Թայմզ» պարբերաթերթը կը գրէ, որ Թուրքիոյ մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցած ձերբակալութիւնները կարծես կը վկայեն, թէ այդ երկրին մէջ Էրկենեքոնի գործը ընդդիմութիւնն ու ընդդիմադիր լրատուամիջոցները լռեցնելու իբրեւ գործիք կ՛օգտագործուի:
«Երբ Թուրքիոյ մէջ Էրկենեքոն կազմակերպութեան դէմ հետաքննութիւն սկսաւ, ատիկա կ՛ընկալուէր իբրեւ յառաջդիմական եւ համարձակ քայլ մը: Սակայն այդ գործին դատավարութիւնը շուրջ չորս տարիէ ի վեր կը շարունակուի եւ որեւէ շօշափելի արդիւնք չէ արձանագրած:
«Այնպիսի տպաւորութիւն ստեղծուած է, որ կարծես այդ գործը կ՛օգտագործուի ընդդիմադիր լրատուամիջոցները եւ ընդդիմութիւնը լռեցնելու համար», կը գրէ «Թայմզ»` ընդգծելով, որ կալանաւորուած լրագրողներ «Նետիմ Շեներն ու Ահմեթ Շըքը միջազգային հանրութեան յարգանքը վայելող այն լրագրողներէն են, որոնք Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւանց ոտնահարման դէպքերու լուսաբանման հարցին մէջ աշխատանքներ կատարած են»:


