
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանանի քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւններուն ստացած արագ թափը բոլորին կը պարտադրէ ըլլալ զգաստ եւ գործել ի խնդիր Լիբանանի շահերուն:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է զոհողութիւններ կատարեն` կազմելու համար նոր կառավարութիւն մը, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ դիմագրաւել ներկայ հանգրուանի մարտահրաւէրներն ու վտանգները:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց Լիբանան-Սուրիա սահմանային ապահովութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու մասին հաղորդակցութիւնները:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նախկին նախարար Ժան Օպէյտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Սահմանադրական խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Իսամ Սլէյմանը:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ պետական Շուրայի նախագահ, դատաւոր Շուքրի Սատեր:
Քննարկուեցան դատական իշխանութիւններուն աշխատանքին վերաբերող հարցեր:


