Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլ Նոր Պատերազմի՞ Կը Պատրաստուի

July 13, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի դէմ Իսրայէլի սանձազերծած պատերազմէն 7 տարի ետք, իսրայէլեան ուժերը զինուորական նոր մարտավարութիւններ որդեգրած են եւ յայտարարած, որ յաջորդ պատերազմը պիտի ըլլայ աւելի արհեստագիտական, քան` զինուորական:

Իսրայէլեան ուժերու հրամանատարութեան մաս կազմող զօրավարներէն մէկը յայտնեց, որ Հըզպալլայի կողմէ շղթայազերծուելիք որեւէ պատերազմ պիտի յանգի զինուորական ընդարձակ բախումի եւ Իսրայէլի կողմէ զօրաւոր հակահարուածի:

Ան նշեց, որ լարուածութիւնը բարձր է Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ` աւելցնելով, որ իսրայէլեան բանակը մարզուած է, զինուած եւ կազմ ու պատրաստ կը սպասէ դէմ դնելու յուլիսեան պատերազմին նման իրադարձութիւններու:

Իսրայէլացի զօրավարը հաստատեց, որ իսրայէլեան ուժերը հարաւային Լիբանանի մէջ դարձեալ շրջաններ պիտի բռնագրաւեն:

Միւս կողմէ, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոն յայտնեց, որ Իսրայէլ վերատեսութեան պիտի ենթարկէ զինուորական իր պիւտճէն: Եաալոն հաստատեց, որ յաջորդ պատերազմին ընթացքին բախումները նախկինէն տարբեր պիտի ըլլան` աւելցնելով, որ յաջորդ պատերազմը աւելի նուազ զինուորական պիտի ըլլայ, քան արհեստագիտական:

Կը նախատեսուի, որ Եաալոնի ակնարկած զինուորական այս ծրագիրը մօտիկ ապագային ներկայացուի իսրայէլեան կառավարութեան` առաջարկելով բանակին կառոյցը փոփոխութեան ենթարկելու կարելիութիւնը:

Նշենք, որ բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ իսրայէլեան ուժերէն 5 զինուորներ երէկ Հուլայի կողմէն մուտք գործած են Լիբանան` շրջանցելով սահմանային Կապոյտ գիծը, եւ ապա վերադարձած:

Այլ հաղորդագրութեան մը մէջ բանակի հրամանատարութիւնը շեշտեց, որ իսրայէլեան օդուժը խախտած է Լիբանանի գերիշխանութիւնը` խզելով Լիբանանի օդային սահմանները, ցած մակարդակի թռիչքներ կատարելով եւ կեղծ յարձակումներ գործելով

լիբանանեան զանազան շրջաններուն վերեւ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը խախտելու ծիրին մէջ, իսրայէլեան 4 օդանաւեր երէկ առաւօտեան Ռըմէյշի, Թըպնինի, Մերժահիունի, Պընթ Ժպէյլի, Նապաթիէի, Իքլիմ Թուֆֆահի եւ Սուրի վերեւ գործած են ցած մակարդակի թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ:

 

Նախորդը

Ապրայի Մէջ Ուրբաթ Օրուան Նամազէն Ետք Կը Տիրէ Սովորական Մթնոլորտ

Յաջորդը

Յ. Բագրատունի Այցելեց Բանակի Հրամանատարին

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.