Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ոչ Իշխանական Քաղաքական Ուժերուն Հետ Հանդիպումին Ընթացքին. Յովհաննիսեան Հայաստանի Անվտանգութեան Խնդիրներուն Վերաբերող Մտահոգութիւններ Կը Փոխանցէ Ֆիւլէին

July 12, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վահան Յովհաննիսեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի ոչ իշխանական ուժերու ներկայացուցիչները նախանցեալ ուշ երեկոյեան հանդիպում ունեցան երկօրեայ այցելութեամբ Երեւանի մէջ գտնուող Եւրոպական Միութեան ընդարձակման հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէի հետ:

Դռնփակ տեղի ունեցած մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք ընդդիմադիր ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ լուրջ մտահոգութիւններ փոխանցած է յանձնակատարին, նախ եւ առաջ` Հայաստանի անվտանգութեան խնդիրներուն վերաբերեալ: Յովհաննիսեան նշեց, որ Դաշնակցութեան լրջագոյն մտահոգութիւններն են Լեռնային Ղարաբաղի հարցը, ռուսական շուկաներու հաւանական փակման հարցը` այս ամէնը եւրոպական անդամակցութեան հոլովոյթին մէջ կարելի չէ հաշուի չառնել: Դաշնակցական պատգամաւորը նկատել տուաւ, որ Ռուսիոյ կողմէ Ազրպէյճանին զէնք վաճառելու կողքին, մտահոգիչ են նաեւ Ռուսիոյ հետ Հայաստանի տնտեսական կապերը եւ ռուսական շուկային մէջ հաւանական դժուարութիւններ ստեղծելը հայկական գիւղատնտեսական արտադրանքին համար:

Յովհաննիսեան որոշ չափով բաւարար նկատեց Ֆիւլէի պատասխանները իր դրած հարցերուն, որոշ պարագաներու` ոչ: Ան նշեց, որ տնտեսական հարցերուն մէջ միայն որոշ հեռանկար ներկայացուեցաւ, մինչդեռ անվտանգութեան հարցերուն վերաբերեալ յանձնակատարը նաեւ մտահոգութիւններ ունէր:

Ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսի խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան յանձնակատարին ըսած է, որ թափանցիկութեան պակաս կը տեսնէ անդամակցութեան համաձայնագիրին շուրջ զարգացումներուն մէջ. ընդդիմադիր պատգամաւորը դժգոհած է, թէ մինչեւ հիմա չեն տեսած այդ համաձայնագիրը, բայց մեղքը այս իշխանութիւններուն ուսերուն վրայ է` կ՛արհամարհեն հասարակութիւնը: Զուրաբեան Ֆիւլէի ուշադրութեան հրաւիրեց Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան հետ կապուած խնդիրներուն վրայ:

«Մենք ըսինք, որ թէեւ տեսականօրէն մենք շատ կարեւոր կը նկատենք Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան խորացումը, բայց մենք շատ լուրջ խնդիր ունինք այն հանգամանքին հետ, որ Եւրոպական Միութիւնը, ըլլալով ժողովրդավարական ազգերու դաշինքը, ըստ էութեան, աչք փակեց Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական խախտումներուն, մարդկային իրաւունքներու խախտումներուն վրայ», նշեց Զուրաբեան:

Հայ ազգային քոնկրեսը նշեց, որ Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութիւնը այլեւս չի կրնար սահմանափակուիլ միայն օրէնսդրական փոփոխութիւններով, Զուրաբեան շեշտեց իր ակնկալիքը, որ եւրոպական կառոյցը կը յորդորէ Հայաստանի իշխանութիւններուն ընդունիլ Ընտրական օրէնսգիրքը բարեփոխելու ընդդիմադիրներու առաջարկը:

Զուրաբեան նաեւ նշեց, որ պէտք է յստակ գնահատականներ տրուին այն խախտումներուն, որոնք տեղի կ՛ունենան Հայաստանի մէջ, մասնաւորաբար` քաղաքական բանտարկեալներու հարցին գծով, ընտրական կեղծիքներու գծով:

Պատգամաւորը օգտակար նկատեց Ֆիւլէի հետ հանդիպումը:

 

Նախորդը

«Ռուսիա Պէտք Է Մեծ Երաշխիքներ Տայ, Որ Մտահոգուելու Պատճառ Չունենանք» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

Յաջորդը

Ըստ Մոլտաւական Խորհրդարանական Յանձնախումբի Մը. Կրիկորիուն Քաղաքականապէս Ոչ Պիտանի Եւ Ոչ Արհեստավարժ Է

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.