Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սարգսեան Սկսաւ Մոլտաւիա Իր Այցելութեան. Երկկողմանի Համագործակցութեան Երկու Համաձայնագիրներու Ստորագրութիւն

July 12, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Համաձայնագիրի ստորագրութենէն պահ մը

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Մոլտաւիա:

Նախքան մայրաքաղաք Քիշնեւի մէջ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան Արեւելեան գործընկերութեան առաջնորդներու վեհաժողովին սկիզբը, նախագահ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ Մոլտաւիոյ նախագահ Նիքոլայէ Թիմոֆթիի հետ: Երկու երկիրներու նախագահները քննարկեցին հայ-մոլտաւական քաղաքական երկխօսութիւնը աշխուժացնելու եւ առեւտրական-տնտեսական մարզին մէջ համագործակցութիւնը զարգացնելու վերաբերեալ բազմաթիւ հարցեր: Նախագահ Սերժ Սարգսեան նշեց, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ետք երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ զարգացման գործին մէջ առկայ ներուժը լիարժէքօրէն չէ օգտագործուած եւ այժմ անհրաժեշտ է երկկողմանի աշխուժ աշխատանքով, յաճախակի փոխադարձ այցելութիւններով ու տարբեր մակարդակի հանդիպումներով ամբողջացնել բաց ձգուածը, ինչ որ կը բխի երկու բարեկամ ժողովուրդներու շահերէն: Նախագահ Սերժ Սարգսեան կարեւոր նկատեց նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու շրջագիծին փոխադարձ սերտ գործակցութիւնը:

Երկու երկիրներու նախագահներուն երկկողմանի, ապա ընդլայնուած ձեւաչափով բանակցութիւններէն ետք տեղի ունեցաւ փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւն: Ստորագրուեցան Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան եւ Մոլտաւիոյ մշակոյթի նախարարութեան միջեւ համագործակցութեան մասին համաձայնագիր մը եւ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան եւ Մոլտաւիոյ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան եւ սննդարդիւնաբերութեան նախարարութեան միջեւ տնտեսական եւ գիտական-արհեստագիտական համագործակցութեան մասին համաձայնագիր մը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Մոլտաւիոյ վարչապետ Եուրի Լիանքէի հետ, քննարկեց փոխադարձ շահաւէտ տարբեր մարզերու մէջ Հայաստանի եւ Մոլտաւիոյ միջեւ տնտեսական համագործակցութեան զարգացման կարելիութիւնները: Զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական-տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնախումբի դերը:

Նախորդը

Հալէպ Մեծ Քանակով Ալիւր Եւ Վառելանիւթ Ուղարկուած Է

Յաջորդը

«Ռուսիա Պէտք Է Մեծ Երաշխիքներ Տայ, Որ Մտահոգուելու Պատճառ Չունենանք» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.