Շարք մը զինուորական փորձագէտներու միջոցով բրիտանական «Տը Թելեկրաֆ» օրաթերթին տրամադրութեան տակ յայտնուած արբանեակներէ առնուած լուսանկարները ցոյց կու տան, որ Սէուտական Արաբիոյ հզօր հեռահար հրթիռներու թիրախին մէջ յայտնուած են երկու երկիրներ` Իսրայէլն ու Իրանը:
Լուսանկարները ուսումնասիրուած են զինուորական վերլուծաբաններու կողմէ, եւ ասոր իբրեւ արդիւնք բացայայտուած է, որ այս անյայտ «ցամաքէ-ցամաք» դասի հրթիռներով համալրուած կայանը կը գտնուի սէուտական անապատին մէջ եւ բոլոր կարելիութիւնները ունի երկու երկիրներուն հարուած հասցնելու:
Մասնագէտները լուսանկարներուն մէջ յայտնաբերած են հրթիռներու արձակման երկու հարթակ, որոնցմէ մէկը ուղղուած է դէպի հիւսիս-արեւմուտք` Թել Աւիւի կողմը, իսկ միւսը դէպի հիւսիս-արեւելք` Թեհրանի ուղղութեամբ: Հրթիռներու հասողութիւնը մինչեւ չորս հազար քիլոմեթր է:
Մասնագէտները կ՛ենթադրեն, որ հրթիռային կայանը կառուցուած է անցեալ հինգ տարիներուն ընթացքին: Անոնք ընդգծած են, որ մինչեւ իսկ, եթէ յարձակման պարագային Թել Աւիւն ու Թեհրանը չվնասուին, ապա զգալի կերպով պիտի վնասուին թէ՛ Իսրայէլի, թէ՛ Իրանի մեծագոյն քաղաքները:
Վերլուծաբանները չեն բացառեր, որ Սէուտական Արաբիա` հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ հրթիռային կայանը չի կրնար երկար ատեն աննկատ մնալ օտարերկրեայ հետախուզական ծառայութիւններուն կողմէ եւ օր մը անպայման պիտի յայտնաբերուի, հրթիռներու մէկ մասը ուղղած է Իսրայէլի կողմը` ցուցական նպատակներով:
Այս առնչութեամբ «Տը Թելեկրաֆ» դիմած է Լոնտոնի մէջ Իսրայէլի դեսպանատուն, սակայն վերջինս հրաժարած է մեկնաբանութիւններ կատարելէ:


