ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ, թէ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան հրապարակաւ ըսած է, որ պատերազմ կը յայտարարէ Դաշնակցութեան դէմ: Ըստ Մարգարեանի, այդ պատերազմին շրջագիծին մէջ վարչապետը մամուլին մէջ Դաշնակցութեան մասին «կեղտոտ բամբասանքներ» կը պատուիրէ:
Նշենք, որ մամուլը գրած էր, թէ Դաշնակցութեան մէջ կան լուրջ դժգոհութիւններ, մասնաւորաբար, որ փորձեր կը կատարուին կուսակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչի պաշտօնէն հեռացնել Հրանդ Մարգարեանը:
Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին, թէ արդեօք դաշնակցականները կը դժգոհի՞ն իրմէ, եւ իսկապէ՞ս լուրջ խմորումներ տեղի կ՛ունենան կուսակցութեան մէջ, Հրանդ Մարգարեան յայտնեց, որ իսկապէս հարցեր եղած են, մասնաւորաբար` դժգոհութիւններ ընտրութիւններուն Դաշնակցութեան արձանագրած արդիւնքներէն, բայց անոնք արդէն լուծուած են, եւ այսօր որեւէ հարց չկայ:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը վստահեցուց, որ այն, ինչ որ մամուլին մէջ կը գրուի, որեւէ առնչութիւն չունի իրականութեան հետ: Ան աւելցուց, որ անոնք դուրսէն գործադրուող ճիգեր են Դաշնակցութեան մէջ ճեղքեր գտնելու եւ հարցեր ստեղծելու համար` նշելով, որ խօսքը տուեալ պարագային վարչապետի մասին է:
«Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան իր տնտեսական ապիկար գործունէութեան պատճառով [Դաշնակցութեան կողմէ] քննադատութեան ենթարկուելէն ետք հրապարակաւ յայտարարեց, որ ինք պատերազմ կը յայտարարէ Դաշնակցութեան դէմ, եւ այս տեսակ կեղտոտ լրատուութիւնը, կեղտոտ բամբասանքի լրատուութիւնը իր գործն է», յայտնեց ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչը: Ան աւելցուց, որ տկար եւ թոյլ մարդը կը փորձէ այս միջոցներով հարցեր լուծել:
«Ուրիշ ոչինչ կայ` մենք ոչ սիրահարուած ենք եւ ոչ ալ կ՛ատենք այդ վարչապետը, բայց ձախողակ վարչապետ է, եւ անոր համար այս ձեւերը կ՛օգտագործէ իր հարցերը լուծելու համար», յայտարարեց Հրանդ Մարգարեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ Դաշնակցութիւնը ի՞նչ ձեւերով պիտի դիմակայէ այդ պատերազմին, Հրանդ Մարգարեան յայտնեց, որ այդ պատերազմէն աւելի շատ պիտի վնասուի Տիգրան Սարգսեանը եւ ոչ թէ Դաշնակցութիւնը:
Ինչ կը վերաբերի վարչապետի անունին հետ կապուած «արտերկրային առեւտուրի» յայտնի գայթակղութեան, ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչը յայտնեց, որ գնահատական արդէն տրուած է, իսկ Տիգրան Սարգսեանն ալ իր բացատրութիւններով ինքնիրեն դրած է ծիծաղելի վիճակի մէջ: Դաշնակցութիւնը ծիծաղելի կը նկատէ վարչապետին այն բացատրութիւնները, որ ինք տեղեակ չէ, թէ իր անունը ինչպէ՛ս յայտնուած է արտերկրային առեւտուրի այդ ընկերութեան բաժնետէրերու ցանկին վրայ:
Ան անգամ մը եւս համոզում յայտնեց, որ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան պէտք է պաշտօնանկ ըլլայ, որուն մասին Դաշնակցութիւնը բազմիցս ըսած է. «Եթէ երկրին մէջ վերջին յոյսի նշոյլը չենք ուզեր սպաննել, ատիկա նուազագոյն քայլն է, որ պէտք է կատարուի, եւ ոչ միայն վարչապետը` բաւական մարդ կայ, որ պէտք է փոխուի»:
Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն հարցումին, թէ նախագահի փոփոխութի՞ւնն ալ կը պահանջեն, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը ըսաւ, որ նախագահին փոխուիլը ժողովուրդին կամքէն կախեալ է, զայն կը փոխէ ժողովուրդը:


