Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներու թղթածրարին հետեւելու նպատակով Շիիներու գերագոյն խորհուրդին կողմէ նշանակուած շէյխ Ապպաս Զղէյպ երէկ հաստատեց, որ առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու առումով ընթացքի մէջ եղող բանակցութիւնները լուրջ են:
Ան աւելցուց, որ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի փոխանցած տեղեկութիւնները` Ազեզի առեւանգեալները ազատ արձակելու իմաստով, դրական են:
Շէյխ Զղէյպ շեշտեց, որ առեւանգող կողմերուն եւ թուրքերուն հետ բանակցութիւնները լուրջ եւ դրական սկսած են դառնալ:


