Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Քոժարայի. «Սառեցուած» Տագնապներու Լուծումը Առաջնահերթութիւն Է Ուքրանիոյ Համար

July 9, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լէոնիտ Քոժարա

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լէոնիտ Քոժարա երէկ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ «սառեցուած» տագնապներու լուծումը առաջնահերթութիւն է Ուքրանիոյ համար, որ այս տարի բոլոր ջանքերը կը գործադրէ այդ հարցին մէջ դրական ուժականութեան հասնելու համար:

Ան յայտնեց, որ Ուքրանիա համաձայն է «սառեցուած» տագնապներու կողմերուն միջեւ մարդկային յարաբերութիւններու աշխուժացման` աւելցնելով, որ այս պատճառով Ուքրանիա կ՛ողջունէ մարդկայնական յարաբերութիւններու, քաղաքացիական հասարակութիւններու միջեւ յարաբերութիւններու զարգացումը:

Իր կարգին, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահին հետ հանդիպման յաջորդած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ յայտնեց, որ մօտիկ ապագային կը ծրագրէ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ ունենալ ուրիշ հանդիպում մը եւս, որուն ձեւաչափը տակաւին յայտնի չէ:

«Ազրպէյճանի դիրքորոշումը յայտնի է` մեր երկիրը պատրաստ է սկսելու աշխատանքը համապարփակ խաղաղ համաձայնագիրին վրայ, իսկ Հայաստանը` ոչ», յայտարարեց Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը: Ան վստահեցուց, որ Ազրպէյճան պատրաստ է առջեւ երթալու` իբրեւ հիմք ընդունելով համանախագահներուն ըսած եւ վերջերս Ութերու խմբակի վեհաժողովին մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներուն հաստատած սկզբունքները:

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը փոխանցեց, որ Քոժարայի հետ հանդիպման ժամանակ Մամետեարով կոչ ուղղեց բազմապատկելու Մինսքի խմբակի աշխատանքը եւ կարծիք յայտնեց, որ Մինսքի խմբակի նիստերը պէտք է աւելի յաճախ գումարուին:

Նախորդը

Պռօշեանի Գիւղապետի Ընտրութիւններուն Համար Մնացին Երեք Թեկնածուներ

Յաջորդը

«Պռօշեանի Գիւղապետի Սպանութեան Բացայայտման Պատասխանատուն Իշխանութիւնն Է» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.