Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերը Միասնականութեան Կոչ Կ՛ուղղեն Լիբանանցիներուն

July 8, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սինիորա` Մարտ 14-ի ուժերու հանդիպումին ընթացքին իր ունեցած ելոյթին ժամանակ

Սայտայի զօրակցութեան նպատակով, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը երէկ ընդարձակ հանդիպում մը ունեցան Սայտայի Մաժտալիուն պալատին մէջ` գլխաւորութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի եւ ներկայութեամբ երեսփոխան Պահիա Հարիրիի:

Հանդիպումին ընթացքին Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը յայտնեցին, որ իրենք որդեգրած են այն պահանջագիրը, որ փոխանցած են հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի:

Պահանջագիրին մէջ նշուած է, որ Ապրայի դէպքերուն թղթածրարը պէտք է փոխանցել Արդարութեան գերագոյն խորհուրդին:

Հանդիպումէն բխած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Սայտայի մէջ գոյակցութիւնն ու համերաշխութիւնը ազգային պատասխանատուութիւն է:

Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը պահանջեցին Սայտան ապազինուած շրջան յայտարարել, բացի լիբանանեան բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն զէնքէն:

Անոնք պահանջեցին նաեւ հատուցել Ապրայի դէպքերէն բոլոր վնասուածներուն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան հանրութեան տեղեկացնել Սայտայի դէպքերուն մանրամասնութիւններուն մասին:

Հանդիպումին ընթացքին Պահիա Հարիրի յայտնեց, որ ինք կը մերժէ տեղայնական ապահովութեան մտայնութիւնը. ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է քանդել վախի անցարգելը:

Հանդիպումին ընթացքին խօսք առաւ նաեւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, որ ըսաւ, թէ Ապրայի մէջ պատահածը Հըզպալլայի կողմէ Ահմետ Ասիրին դէմ պատրաստուած թակարդի մը համազօր էր:

«Ահմետ Ասիրի բարձրացուցած կարգախօսներն ու պահանջները հիմնականին մէջ լիբանանցիներուն կողմէ ներկայացուած պահանջներ են, սակայն Ասիրի սխալը այն էր, որ ան իր ոճով եւ վարուելակերպով (որ մերժելի է) արտօնած էր ինքնիրեն ճամբաները փակել եւ աւելի ուշ զէնք ունենալ, ապա բանակին հետ բախումի երթալ, այլ խօսքով` իյնալ իրեն եւ Սայտայի համար պատրաստուած ծուղակին մէջ: Հոս կ՛արժէ հարց տալ, որ արդեօք Հըզպալլա տեղեա՞կ էր Սայտայի մէջ արձանագրուելիք զինուորական գործողութենէն եւ կազմ ու պատրաստ կը սպասէ՞ր», հարց տուաւ Սինիորա:

Ուսամա Սաատ Կը Պատասխանէ

Նասըրական շարժումի ղեկավար, նախկին երեսփոխան Ուսամա Սաատ մերժեց Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն հաղորդագրութիւնը եւ յայտնեց, որ անոնք, գլխաւորութեամբ Մուսթաքպալ հոսանքին, հարուածած են ազգային համերաշխութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Սաատ հաստատեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կը գործեն իրենց յայտարարութիւններուն հակառակ ուղղութեամբ:

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Կոչ Կ՛ուղղէ Բոլորին Համախմբուելու Լիբանանեան Ազգային Միասնականութեան Շուրջ

Յաջորդը

Նախագահ Սլէյման Դարձեալ Ընդունեց Մահմուտ Ապպասը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.