Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոլտաւիացի Խորհրդարանական Փաստաբան Մը Ազգային Ժողովին Մէջ Հակահայ Յայտարարութիւններ Կը Կատարէ. Մոլտաւիոյ Խորհրդարանը Կը Խոստանայ Քննել Միջադէպը

July 6, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մոլտաւիոյ Սահմանադրական դատարանի անդամ, նախկին պատգամաւոր Վիքթոր Փոփան երէկ լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ «ծայր աստիճան տհաճ» որակեց նախանցեալ օր Հայաստանի խորհրդարանին մէջ Մոլտաւիոյ մարդկային իրաւանց պաշտպաններէն մէկուն` Աուրելիա Կրիկորիուի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերող յայտարարութիւնը:

Նշենք, որ Մոլտաւիոյ մէջ կան քանի մը խորհրդարանական փաստաբաններ կամ մարդկային իրաւանց պաշտպաններ:

Մոլտաւիոյ Սահմանադրական դատարանի անդամը երէկ յայտնեց, որ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ իրենց խորհրդարանական փաստաբանի յայտարարութեան առնչութեամբ զրուցած է Մոլտաւիոյ խորհրդարանի ղեկավարութեան հետ:

«Լիազօրուած եմ յայտարարելու, որ մենք կը ցաւինք կատարուածին համար: Մեր ղեկավարութիւնը կը խոստանայ, որ միջադէպը քննութեան առարկայ պիտի դառնայ: Կ՛ենթադրեմ, որ պիտի ստեղծուի յանձնախումբ մը, որ պիտի ուսումնասիրէ, թէ որո՛ւ անունով, ի՛նչ նիւթեր տրամադրուած են, ի՛նչ լիազօրութիւններու շրջանակ նախատեսուած է եւ պաշտօնական պարզաբանում պիտի տրուի այդ ամէնուն», ըսաւ Փոփան:

Վիքթոր Փոփան նաեւ յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ կատարուած յայտարարութիւնը իրենց խորհրդարանական փաստաբանին անձնական կարծիքն է:

«Ես տեղեակ չեմ, թէ ո՛վ լիազօրած է Մոլտաւիոյ խորհրդարանական փաստաբանին եւ ի՛նչ ձեւով: Ամենայն հաւանականութեամբ, ատիկա անոր անձնական կարծիքն է, քանի որ ատիկա չէր կրնար ըլլալ խորհրդարանի կամ որեւէ կազմակերպութեան տեսակէտը: Այսուհանդերձ, անկախ անկէ, թէ ուրկէ՛ առնուած է այդ նիւթը, ատիկա այն տեղը չէր եւ ատիկա լիազօրութիւններու շրջանակը չէր ու այն անձը չէր, որ պէտք է այդպիսի յայտարարութիւն կատարէր», ըսաւ Մոլտաւիոյ Սահմանադրական դատարանի դատաւորը:

Ըստ Փոփանի, նիւթը, որուն մասին խօսած է Կրիկորիու, դուրս է խորհրդաժողովի ծիրէն: Ան նշեց, որ ինք չի կրնար եւ չի պատրաստուիր խորհրդարանական փաստաբանին փոխարէն պատասխան տալ:

Ինչպէ՞ս Ընթացաւ Միջադէպը

Ազգային ժողովին մէջ ընթացող «Իրաւունքի գերակայութեան եւրոպական չափորոշիչները եւ իշխանութիւններուն հայեցողութեան սահմանները Եւրոպական խորհուրդի անդամ երկիրներուն մէջ» նիւթով համաեւրոպական խորհրդաժողովին ժամանակ խայտառակ դէպք տեղի ունեցաւ: Մոլտաւիոյ խորհրդարանական փաստաբան Աուրելիա Կրիկորիուն «Մարդկային իրաւունքներու պահպանումը եւ պաշտպանութիւնը «սառեցուած տագնապներու» տարածքին մէջ» նիւթով զեկուցումին ժամանակ, անդրադառնալով ղարաբաղեան-ազրպէյճանական տագնապին, դատապարտելի յայտարարութիւն կատարեց:

Ան յայտարարեց, որ «Հայաստան գրաւած է Ազրպէյճանի տարածքներուն 20 առ հարիւրը` ազրպէյճանցիներուն նկատմամբ իրականացնելով ցեղասպանութիւն» եւ «Խոջալուի ցեղասպանութիւնը իրականացուցած են հայերը, ինչ որ այլեւս միջազգայնօրէն ճանչցուած փաստ է»: Կրիկորիու Հայաստանի խորհրդարանին մէջ Հայաստանը որակեց իբրեւ «նախայարձակ երկիր»:

Ուշագրաւ է, որ կնոջ խօսքէն ետք խորհրդաժողովի մասնակիցներէն ոմանք ծափահարեցին:

Պատասխանելով Կրիկորիուի ապատեղեկատուութեան` արտակարգ ելոյթ ունեցաւ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Հերմինէ Նաղդալեան: Ան նախ կոչ ուղղեց չօգտագործելու խորհրդաժողովը եւ Հայաստանի խորհրդարանի ամպիոնը` սուտ տեղեկատուութիւն տարածելու համար եւ յետոյ յայտարարեց, որ անընդունելի է, որ որոշ փաստաբաններ այս սրահին մէջ պատուէրներ կ՛իրականացնեն: «Ես չեմ գիտեր, թէ դուք որո՛ւն պատուէրը կ՛իրականացնէք, յարգելի՛ փաստաբաններ, բայց ձեր խօսքերը կրնաք արձանագրել, որպէսզի ձեր պատուիրատուները ձեզի շնորհակալութիւն յայտնեն: Ես կը կարծեմ, որ այստեղ ներկայ բարձրաստիճան հիւրերը պէտք է անպայման իրենց անհամաձայնութիւնը յայտնեն, որ գիտական վեհաժողովը որոշ մարդիկ կը փորձեն վերածել անթոյլատրելի քննարկման: Այսպիսի հարցի շուրջ քննարկումներ տեղի կ՛ունենան այնպիսի լսարանի մը մէջ, ուր կան մասնագէտներ, որոնք կը տիրապետեն նիւթին, իսկ յայտարարել, որ այստեղ կամ այնտեղ ցեղասպանութիւն եղած է, շատ նման է մեր դրացիներուն կողմէ ամէն օր հնչող միօրինակ յայտարարութիւններուն: Ես կը նկատեմ, որ տիկին փաստաբանը պէտք է աւելի ճշգրիտ ըլլար իր յայտարարութիւններուն մէջ»:

Իր կարգին, Կրիկորիու յայտարարեց, որ իր խօսքով ինք պարզապէս կը ցանկայ ընդգծել, որ բոլոր տագնապները պէտք է լուծուին խաղաղ ճամբով: Ան նշեց, որ չի պատրաստուիր խորանալ տագնապի մանրամասնութիւններուն մէջ, կ՛ուզէ ուղղակի ըսել, որ անընդունելի է սառեցուած տագնապներու տարածքներուն մէջ ոտնահարել մարդկային իրաւունքները: Կրիկորիու յայտարարեց, ուր պատուէր չի կատարեր, պարզապէս կը պայքարի մարդկային իրաւունքներուն համար:

Միջամտելով երկխօսութեան Լիթուանիոյ մարդկային իրաւանց պաշտպանը յայտարարեց, որ ճիշդ պիտի ըլլար, որ մոլտաւիացի փաստաբանը խօսէր Մոլտաւիոյ սառեցուած տագնապին մասին, այլ ոչ թէ անդրադառնար ղարաբաղեան տագնապի պատմութեան: Լիթուանիոյ ներկայացուցիչը նշեց, որ ասիկա այն տեղը չէ, ուր պէտք է քննարկուի այս հարցը, աւելին` ատիկա պէտք չէ քննարկէ երկրի մը ներկայացուցիչը, որ որեւէ կապ չունի այս տագնապին հետ: Ան առաջարկեց դադրեցնել այս հարցին քննարկումը:

Նիստին նախագահող Դաւիթ Յարութիւնեան, այլեւս կարելիութիւն չտալով Մոլտաւիոյ խորհրդարանական փաստաբանին արձագանգելու իր հասցէին հնչած դիտողութիւններուն, յորդորեց յարգանք ցուցաբերել եւ այսքանով սահմանափակուիլ:

Նշենք, որ Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան իր ամփոփիչ ելոյթին մէջ անդրադարձաւ այս խայտառակ միջադէպին, եւ թէեւ ընդգծեց, որ այսպիսի երեւոյթները, ապատեղեկատուութիւն տարածող այսպիսի ելոյթները Հայաստանի համար արդէն սովորական դարձած են, բայց ցաւ յայտնեց, որ սրահին մէջ մարդիկ ծափահարեցին այդ ելոյթին:

 

Նախորդը

Վագըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան Պոլսոյ Վարչութիւնը Սանասարեան Խանը Աճուրդի Միջոցով Վարձու Կու Տայ

Յաջորդը

Ըստ Ազրպէյճանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին. Ֆրանսա Իր Ներդրումը Պիտի Ունենայ Ղարաբաղի Խնդիրին Մէջ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.