Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վրաստան Կը Խոստանայ Սոչիի Ողիմպիական Խաղերուն Անվտանգութեան Ապահովման Համար Օժանդակել Ռուսիոյ

July 4, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պիծինա Իվանիշվիլի

Վրաստանի վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլի յայտարարեց, որ Կովկասի իսլամականներու ղեկավարին արձակած սպառնալիքէն ետք, Վրաստան Սոչիի մէջ 2014-ի ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն անվտանգութեան ապահովման համար պիտի օժանդակէ Ռուսիոյ:

Ռուսական Կովկասի մէջ իսլամականներու ղեկավար Տոքու Օմարով երէկ կոչ ուղղեց Սոչիի մէջ ողիմպիական խաղերուն դէմ յարձակում գործելու:

Իվանիշվիլի Թիֆլիսի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսաւ, որ «ողիմպիական խաղերը անոնց (ռուսերուն. «Ա.») համար շատ կարեւոր են… մեր կողմէն մենք պատրաստ ենք այդ ձեռնարկին ընթացքին ապահովութեան ծայրագոյն աստիճան պահպանման համար Ռուսիոյ օժանդակելու»:

Նշենք, որ Ռուսիա Սոչիի մէջ այդ խաղերուն կազմակերպման համար 38 միլիառ եւրօ ծախսած է: Վրաստան մայիսի սկիզբը յայտարարեց, որ պիտի մասնակցի փետրուար 2014-ին Սոչիի մէջ տեղի ունենալիք Ողիմպիական խաղերուն:

Միւս կողմէ, Իվանիշվիլի գերմանական «Տէօչը Վելը» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու վերականգնման առաջին հանգրուանը անցած է շատ արագ ու բարեյաջող կերպով, եւ յարաբերութիւններու հետագայ կարգաւորման հեռանկար գոյութիւն ունի:

«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի վարչապետը ըսած է, որ ներկայիս վերականգնած են առեւտրական յարաբերութիւնները, եւ վրացական արտադրութիւնը արդէն ռուսական շուկային մէջ կը գտնուի, սակայն միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ տակաւին գոյութիւն ունին որոշ տարակարծութիւններ, ներառեալ` Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ կարգավիճակին վերաբերեալ:

«Այդ պատճառով ալ, ամենայն հաւանականութեամբ, մինչեւ Սոչիի մէջ տեղի ունենալիք ողիմպիական խաղերը Ռուսիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերականգնումը կարելի պիտի չըլլայ», ըսած է Իվանիշվիլի, ըստ որուն, միայն բարեկամական յարաբերութիւններու ու բանակցութիւններու շնորհիւ կարելի է լուծել այդ հարցերը: Ան նաեւ չէ բացառած, որ ողիմպիական խաղերը կրնան բեկումնային պահ ըլլալ 2 երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ:

Անդրադառնալով ՕԹԱՆ-ի հետ համագործակցութեան հարցին` վարչապետը շեշտած է, որ թէեւ ՕԹԱՆ-ին անդամակցիլն ու միեւնոյն ժամանակ Ռուսիոյ հետ լաւ յարաբերութիւններու մէջ ըլլալը դժուար է, սակայն կան շարք մը երկիրներ, ինչպէս` Լեհաստանն ու Չեխիան, որոնք յաջողած են այդ մէկը կատարել:

 

Նախորդը

Իրան Ռուսիոյ Կ՛առաջարկէ Հիւլէական Նոր Կայաններ Կառուցել

Յաջորդը

Ռուհանի Կառավարութեան Եւ Կրօնաւորներուն Կոչ Ուղղեց Քաղաքացիներու Անձնական Կեանքին Միջամտելէ Դադրելու

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.