Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (4 Յուլիս 1963)

July 4, 2013
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մանկական Քերմէս

Մանուկներու մէջ ձեռներէցութեան ոգին միշտ գոյութիւն ունեցած է: Յաճախ անտարբերութեամբ լուռ մնացած ենք եւ չենք հետաքրքրուած անոնց աշխատանքով:

Իսկապէս գեղեցիկ օրինակ մըն է հետեւեալը` ճանչնալու եւ գնահատելու համար կատարուած անցուդարձին իմաստն ու որակը:

Տասը փոքրիկներ` իննէն տասներկու տարեկան` Արա Վարժապետեան, Արթօ Քէօլէեան, Խաժակ Տիքիճեան, Միրօ Հիւսէնճեան, Սեպուհ Պալեան, Հրայր Պալեան, Պետրոս Ալահայտոյեան, Արա Գահվէճեան, Վաչէ Գալէնճեան եւ Րաֆֆի Գասապեան, դպրոցական տարեշրջանի վերջին երեք շաբաթներու ընթացքին կը հաւաքուին իրարու մօտ, ժողովներ կը գումարեն, որոշումներ կու տան, իւրաքանչիւրը պաշտօն մը կը ստանձնէ, կը վազեն աջ ու ձախ եւ արդի՞ւնքը` կազմակերպուած է «Մանկական քերմէսը», որ տեղի կ՛ունենայ կիրակի օր մը, փոքրիկներէն մէկուն տան տանիքին վրայ:

Շէնքի մուտքի ճամբան զարդարուած է գունաւոր ուղեցոյց նշաններով, պատերը` ցուցատախտակներով: «Այս կողմէն եթէ կը հաճիք», «բարի եկած էք», «դէպի ձախ»: Աստիճանները զարդարուած են գունաւոր թուղթերով ու լոյսերով:

Տանիքը գունաւոր հագած, կ՛եռայ իրարանցումի մէջ: Այցելու ու կազմակերպիչ նոյն տարիքը ունեցող փոքրիկներ են, քանի մը մեծեր միայն բացառութիւն կը կազմեն:

Մուտքին սեղան մը դրուած է, ուր կը ծախուին 25  լ. դահեկաննոց ֆիշեր: Քիչ մը անդին, քառակուսի մեծ տուփ մը, որուն վրայ գրուած է «ջրհոր»: Կու տաք ֆիշ մը եւ կը նետէք կարթը. կը ստանաք նուէր մը: Աւելի անդին լայն տաշտ մը ջուրով լեցուն. յատակը կը հանգչին երեք երկաթէ դրամներ: Ֆիշ մը կու տաք եւ կը ստանաք երեք արծաթ դրամներ: Կը նետէք ջուրը: «Ձեր նպատակը յատակի դրամին դպցնելն է», կ՛ըսէ ինը տարեկան պատասխանատուն: Արդիւնքը` «բախտ ունիք» կամ «բախտ չունիք»: Այլ տեղեր գնդակի խաղ, զէնքի խաղ, նապաստակի խաղ եւ այլն, ընդամէնը 13 խաղեր:

Մանուկներ ու նուէրներ ամէնուրեք, ճիչ ու աղմուկ. յաջող քերմէս մը:

Եօթը մայրեր կը մնան իրենց զաւակներուն հետ մինչեւ քերմէսին փակումը: Աւարտին տեղի կ՛ունենայ վիճակահանութիւն, 72 տոմսեր` հատը 25 լ. դահեկան, ամբողջութեամբ սպառած են: 12 բախտաւորներ «պոն»-եր կը ստանան զանազան վաճառատուներէ նուէրներ ստանալու համար:

Նուէրները սպառած են, տրամադրութիւնները բարձր: Յանկարծ, փոքրիկներէն մէկը կը վազէ վար ու քիչ յետոյ հետը կը բերէ 40-է աւելի «քոմիքներ»: «Պէտք չունիմ այլեւս» կ՛ըսէ: Սքանչելի երեւոյթ մը արդարեւ: Գոհ են բոլորն ալ:

Արդի՞ւնքը այս քերմէսին, 35 լ. ոսկի զուտ շահ: Կազմակերպիչ տասը փոքրիկները, միաձայնութեամբ կ՛որոշեն 20 լ. ոսկին նուիրել Կուրանոցին եւ 15 լ. ոսկին` Շթորայի կազդուրման կայանին եւ գումարը կը յանձնեն «Ազդակ»-ին:

Զ. ՍՈՒՐՈՒԶԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Փորձառուներու Կարծիքով. Միջոցներ` Հոգեկան Ընկճուածութիւնը Վայրկենական Չքացնելու Համար

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.