Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Արթուր Աղաբեկեանի. Ռուսիա Ազրպէյճանին Վաճառած Է Այնպիսի Զէնքեր, Որոնք Նախատեսուած Են Խաղաղ Բնակչութեան Ոչնչացման Համար

July 2, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արթուր Աղաբեկեան

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան, պատասխանելով «Առաւօտ»-ի այն հարցումին, թէ արդեօք Ռուսիա Ազրպէյճանին զէնք ծախելով չի՞ խախտեր երկու երկիրներուն միջեւ զինուորական ուժերու հաւասարակշռութիւնը, յայտնեց, որ ինք այնքան ալ անհանգստացած չէ հաւասարակշռութեան խախտումով, որքան անոր կը մտահոգէ, որ Հայաստանի ռազմավարական դաշնակից Ռուսիան Ազրպէյճանին ծախած է այնպիսի զինուորական արհեստագիտութիւն, որ նախատեսուած է խաղաղ բնակչութիւնը ոչնչացնելու համար:

«Իրականութեան մէջ զինուորական գործողութիւնները կը սկսին այն ժամանակ, երբ ուժերու անհաւասարակշռութիւն տեղի կ՛ունենայ: Ազրպէյճանի կողմէ իւրաքանչիւր անգամ զէնքի ձեռքբերումը մեր կողմէ կը հետեւէր պաշտպանութեան ծրագրաւորման վերանայումով, իսկ վերանայումը ոչ միայն ստորաբաժանումներու, զօրամիաւորումներու վերադասաւորումներն են, այլ նաեւ` զէնքի ձեռքբերումը: Եւ Հայաստան ամէն ինչ կատարած է, որպէսզի պաշտպանութիւն-յարձակում զինուորական գործողութեան թատերաբեմին վրայ անհաւասարակշռութիւն չարձանագրուի: Ազրպէյճանի կողմէ ձեռք բերուած զինուորական արհեստագիտութիւնը` հրասայլեր, հակաօդային պաշտպանութեան զանգուածային ոչնչացման զէնքերու տեսակներ, այս պահուն ես կը խօսիմ իբրեւ զինուորական կամ ռազմական քաղաքական գործիչ, անկեղծ պիտի խոստովանիմ, որ շատ կտրուկ, չեն կրնար մեծ ազդեցութիւն ունենալ մեր ուժերու անհաւասարակշռութեան վրայ, ատիկա կը նշանակէ, որ մենք վերանայման խնդիր ունինք պաշտպանութեան ծրագրաւորման գծով` ըլլայ ատիկա զօրամիաւորումներու, զօրատեսակներու առումով, ըլլայ` նոր սպառազինութիւններու առումով, բայց ամէնէն կարեւորը այն է, թէ Ազրպէյճան ի՛նչ նպատակ կը հետապնդէ այդ զանգուածային ոչնչացման զէնքերը ձեռք բերելով», «Առաւօտ»-ի հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց Աղաբեկեան:

Ըստ անոր, այդ զէնքերուն քանի մը տեսակները նախատեսուած են արագ յաջողութիւններ ունենալու համար: Աղաբեկեան, որ նաեւ մասնակցած է արցախեան ազատամարտին, յայտնեց, որ Ազրպէյճան այլեւս ձեռք կը բերէ զինատեսակներ, որոնք նախատեսուած են խաղաղ բնակչութեան ոչնչացման համար, իսկ խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ օգտագործուող որեւէ զինատեսակ խուճապի կը մատնէ: Աղաբեկեան աւելցուց, որ առաջին գիծին վրայ մարտնչող մեր զինուորները, զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները գիտեն, որ իրենց թիկունքին կը կանգնին իրենց ծնողներն ու հարազատները: «Այստեղ է, որ մենք մտածելու խնդիրներ ունինք, մեր քաղաքական գործիչները, մեր բարեկամ պետութիւնները, մեր բարեկամ երկիրներու քաղաքական գործիչները պէտք է բարձրաձայնեն, որ Ռուսիա Ազրպէյճանին ծախած է այնպիսի զինուորական արհեստագիտութիւն, որ նախատեսուած է խաղաղ բնակչութիւնը ոչնչացնելու համար: Վստահ եմ, որ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ալ պիտի գտնուին քաղաքական գործիչներ, որոնք իսկական գնահատական պիտի տան այդ գործարքին: Այս առումով կը նկատեմ մեր կեանքին մէջ ցաւալի իրադարձութիւն, որ մեր ռազմավարական դաշնակիցը խաղաղ բնակչութիւնը ոչնչացնելու զէնք կը վաճառէ մեր հակառակորդին», շեշտեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետը:

 

 

Նախորդը

«Մեր Ընտրական Համակարգը Հանրաքուէ Կատարել Թոյլ Չի Տար» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

Յաջորդը

Աբրահամեան Կ՛անդրադառնայ Նախագահ Սարգսեանի Կատարած Քննարկումին

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.