Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինը Գեղարուեստական Յայտագիր Մը Ներկայացուց «Ճիզըզ Էնտ Մերի» Քոլեճին Մէջ

July 2, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ճիզըզ էնտ մերի» քոլեճի տնօրէնութիւնը աւանդութիւն դարձուցած է ամէն տարի քոլեճ հրաւիրել Լիբանանի մէջ օտար դեսպանատան մէկ ներկայացուցիչը եւ տուեալ պետութեան ազգային մշակոյթը ներկայացնող խմբակներ: Տարեկան հանդիսութիւն մը, որ տեղի կ՛ունենայ քոլեճի բակին մէջ:

Յունիս 22-ին, շաբաթ յետմիջօրէին, նոյն նախաձեռնութեամբ հրաւիրուած էր Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը` ներկայացնելու հայկական մշակոյթը գեղարուեստական յայտագիրով: Այս առիթով հրաւիրուեցաւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող «Քնար» պարախումբը, կիթառահարներու նուագախումբը եւ տհոլահարներու մանկական նուագախումբը:

Հանդիսութեան ներկայ եղան քոլեճին աշակերտութիւնը, ուսուցիչները եւ ծնողներ: Համազգայինի պարախումբը ներկայացուց հայկական պար` ստեղծելով խանդավառութիւն: Կիթառահարներու նուագախումբը, ղեկավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի, նոյնպէս արժանացաւ ջերմ ծափերու: Մանուկ տհոլահարներու խումբը (ուսուցիչ Գէորգ Քէօշկերեան) երբ բեմ բարձրացաւ, խանդավառութիւնը եղաւ սքանչելի: Խումբը նուագեց ոգեւորութեամբ: Քոլեճին մանուկ եւ պատանի աշակերտները բոլորուեցան բեմին շուրջ եւ հիացումով հետեւեցան փոքրիկ նուագածուներու նուագին: Ուրախութիւնը վարակիչ էր, մասնաւորաբար` քոլեճի հարիւրաւոր հայ աշակերտներուն համար, որոնք թերեւս բարի նախանձ մըն ալ զգացին իրենց ազգակից տհոլահարներուն շարքին չգտնուելու համար:

Հանդիսութեան աւարտին քոլեճին տնօրէնութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի դեսպանատան ներկայացուցիչ Վարդան Ադամեանին եւ Համազգայինի պատասխանատուներուն` նման գեղարուեստական յայտագիր մը ներկայացնելու առիթով:

Քոլեճին հայ աշակերտները բնական զգացումներով մօտեցան յայտագրի մասնակից խումբերու անդամներուն, բայց դժբախտաբար անոնք չէին կրնար հայերէն խօսիլ եւ կ՛արտայայտուէին տեղական լեզուով:

Ժողովուրդներու գեղարուեստին եւ մշակոյթին ծանօթանալու գեղեցիկ եւ օգտաշատ նախաձեռնութիւն մը, որ իրագործուեցաւ Հայաստանի դեսպանատան միջոցով:

Այս առիթով հրաւիրուած էր նաեւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածը, որ ներկայացուց բակին մէջ զետեղուած գիրքերու կրպակ մը` հայ գիրքը ծանօթացնելու հետաքրքրուողներուն:

Երանի թէ այսպիսի նախաձեռնութիւններ կատարուէին նաեւ լիբանանեան այլ վարժարաններու մէջ:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (2 Յուլիս 1963)

Յաջորդը

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Մանկապարտէզի Ամավերջի Շքեղ Հանդէսը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.