Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութիւնը Դրամատուներու Աջակցութեան Միասնական Ծրագիր Մշակած Է

July 1, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Lenta.ru կայքէջը` յղում կատարելով «Պլումպըրկ»-ին կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու ելեւմուտքի նախարարները համաձայնութիւն գոյացուցած են սնանկութեան եզրին գտնուող դրամատուներուն աջակցելու եւ փրկելու ընդհանուր մեքանիզմ ստեղծելու հարցին շուրջ:

Փաստաթուղթը պետութիւններուն կ՛արտօնէ ազգայնացնել վարկային հաստատութիւնները, եթէ անոնց փակումը լուրջ խնդիրներ կրնայ յառաջացնել ելեւմտական համակարգին համար:

Բացի ատկէ կ՛ենթադրուի, որ դրամատան մօտ դժուարութիւններ յառաջանալու պարագային վարկային պարտաւորութիւններու ընդհանուր ծաւալին 8 առ հարիւրը պիտի կրեն վարկատուները: Միայն ատկէ ետք օգնութիւն պիտի տրամադրուի պետութեան կողմէ:

Անոնց զուգահեռ համաձայնագիրը կը նախատեսէ բացառութիւններ: Բրիտանիան, Ֆրանսան եւ Շուէտը կողմնակից էին այս բացառութիւններու որոշման աւելի մեղմ մեքանիզմին, իսկ Գերմանիա, Հոլանտա եւ Ֆինլանտա յստակ որոշուած չափանիշներու որդեգրումը կ՛ուզէին: Փոխզիջումնային որոշումը տրուած է յօգուտ առաջին խումբին:

Նաեւ կ՛ենթադրուի ստեղծել դրամատնային ճգնաժամերու լուծման համար նախատեսուած հիմնադրամներ: Այս համակարգերով միջոցներու ծաւալը պէտք է համապատասխանէ տեղւոյն դրամատուներուն մէջ պահ դրուած գումարներուն 1.3 առ հարիւրին: Ատոր զուգահեռ դրամատուներու փրկութեան համար անոնց պարտաւորութիւններուն 5 առ հարիւրէն աւելին տրամադրելը չ՛արտօնուիր:

Եւրոպական Միութեան ելեւմուտքի նախարարներու որոշումը պէտք է հաստատուի Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ: Եւրոպական Միութեան ելեւմուտքի գծով յանձնակատար Միշեն Պառնիէ երեսփոխաններուն կոչ ուղղած է մինչեւ տարուան վերջ հայմաձայնութիւններու հասնիլ: Համաձայնագիրը կը նախատեսէ Եւրոպական Միութեան ծիրին մէջ դրամատնային ճգնաժամերու աւելի կեդրոնացուած կառավարում, իսկ Եւրոպայի Կեդրոնական դրամատան եւ Կարգաւորող ֆոնտի դերերը պիտի ընդլայնին:

Եւրոպական Միութեան ղեկավարները այդպիսի համաձայնագիր ստորագրելու անհրաժեշտութիւնը կը բացատրեն այն բանով, որ եւրոպական ճգնաժամի ժամանակ բազմաթիւ դրամատուներ շուկային մէջ յառաջացած խառնաշփոթին պատճառով յայտնուած էին վատ վիճակի մէջ, որուն իբրեւ արդիւնք պետութիւնը ստիպուած էր օգնել սնանկացման եզրին գտնուող գրեթէ բոլոր դրամատուներուն:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Վրաստանի Խորհրդարանը Կ՛արգիլէ Արտասահմանցիներուն Հողատարածք Վաճառելը

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.