Իտալական ապահովական աղբիւրներ ԱՔԻ լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ իտալական ապահովական մարմինները փտածութեան եւ զեղծարարութեան յանցանքով ձերբակալած են բարձրաստիճան եպիսկոպոս մը, գաղտնի սպասարկութեան պաշտօնատար մը եւ դրամական միջնորդ մը:
Աղբիւրը աւելցուց, որ ձերբակալման գործողութիւնը կատարուած է ելեւմտական ոստիկանութեան դրամանիշերու հարցերով խմբակին կողմէ եւ Վատիկանի դրամատան մէջ դրամ լուալու հարցին շուրջ աւելի լայն հետաքննութեան ծիրին մէջ կատարուած անկախ հետաքննութեանց իբրեւ արդիւնք:
Վատիկան նախապէս յայտարարած էր, որ Ֆրանչիսկոս պապը Վատիկանի դրամատան գործունէութեան հետաքննութեան համար հինգ անդամներէ բաղկացած յանձնախումբ մը կազմած է:
Իտալական ոստիկանութիւնը կը շարունակէ հետաքննել 2003-էն սկսեալ Վատիկանի դրամատան առնչուած 180 միլիոն եւրոյի կասկածելի դրամատնային փոխանցումներու վերաբերող հարցը: Այդ փոխանցումները կատարուած են «Ռոմա» դրամատան այն մասնաճիւղին, որ այդ ժամանակաշրջանին միացուած էր «Իւնիքրետիթ» դրամատան:


