Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վիրահայութեան Հարցերուն Շուրջ Հանդիպում` Պրիւքսելի Մէջ

June 28, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 25 յունիս 2013-ին, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ «Դէպի ո՞ւր կ՛ուղղուի Վրաստանը» խորագիրով զրոյց մը տեղի ունեցաւ, կազմակերպուած` Եւրոպական խորհրդարանի Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութիւն  խմբակցութեան կողմէ, զրուցավարութեամբ` Եւրոպայի երեսփոխաններ Կունար Հոքմարքի (Շուէտ) եւ Քրիսթոֆ Լիսեքի (Լեհաստան): Վրաստանէն հրաւիրուած էին նախկին կառավարական կուսակցութեան բարձրաստիճան անձեր, գլխաւորութեամբ` Դաւիթ Փաքրածէի, որ կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավարն է:

Եւրոպացի երեսփոխանները իրենց ներածականներով ներկայացուցին Վրաստանը իբրեւ երկիր մը, որ ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւանց մարզերուն մէջ ներկայիս ետքայլի մէջ կը գտնուի` դատապարտելով եւ բանտարկելով նախկին իշխանութեան գործակատարներ: Անոնք իրենց մտահոգութիւնը յայտնեցին Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութեան քաղաքական խումբի ընտանիքին պատկանող Միացեալ ազգային շարժում կուսակցութեան դէմ շղթայազերծուած արշաւին գծով` ներկայ իշխանութեան դիրքերուն վրայ գտնուող Վրացական երազանք քաղաքական դաշինքին կողմէ:

Փաքրածէ եւ իր վրացի գործընկերները ներկայացուցին իրենց օրով Վրաստանի մէջ եղած մեծ քայլերն ու յաջողութիւնները ժողովրդավարութեան, տնտեսութեան եւ փտածութեան դէմ պայքարի մարզերուն մէջ: Շեշտեցին, որ իրենց եւ Վրաստանի բնակչութեան մեծամասնութեան արեւելումը Եւրոպա է, իսկ այսօր Իվանիշվիլիի իշխանութիւնը Վրաստանը կրնայ դարձնել Ռուսիոյ որոշումներու ենթակայ երկիր մը: Կոչ ուղղեցին Եւրոպական Միութեան, որ աւելի ներգործօն ձեւով մասնակից դառնայ ետ մղելու երկիրը դէպի Եւրոպա հոլովոյթի մը, եւ եւրոպական հաստատութիւնները պէտք է պահանջեն ներկայ իշխանութիւններէն` նախագահական ընտրութեան նախօրէին, արդար ընտրութեանց իրականացումը եւ պահպանումը նախագահ Սահակաշվիլիի կողմէ վերջին երեսփոխանական ընտրութեանց ընթացքին յաջողած ժողովրդավարական յառաջդիմութիւններուն:

Ներկայացումներէն ետք առիթը տրուեցաւ ներկաներուն հարցումներ ուղղելու վրացի ներկայացուցիչներուն: Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան յիշեցնելէ ետք, թէ մօտ տարի մը առաջ Պրիւքսէլ այցելած էր Ջաւախքի հայկական կազմակերպութիւններու համադրող Արտակ Գաբրիէլեանը, որ ի շարս այլ երեսփոխաններու եւ Եւրոպական Միութեան պաշտօնակատարներու, հանդիպած էր նաեւ զրուցավար Լիսեքի հետ, եւ անոր ներկայացուած էին ջաւախահայութեան դժուարութիւնները եւ անոնց դիմագրաւման համար հաւանական լուծումները:

Անոնցմէ հիմնականը հայոց լեզուի ճանաչումն էր, իբրեւ շրջանի վարչական երկրորդ լեզու, քանի որ բնակչութեան մեծամասնութիւնը վրացերէնի իմացութիւն չունի, ո՛չ անշուշտ իր յանցանքով, եւ այս պարագան խտրականութեան արտացոլում է: Կարապետեան նշեց, թէ Ախալքալաքի ինքնակառավարման մարմինը որոշում գոյացուցած է հայերէնը դարձնելու երկրորդ լեզու, սակայն այդ մէկը տակաւին չէ վաւերացուած Վրաստանի խորհրդարանէն: Այդ բացատրութիւններուն լոյսին տակ, պահանջեց յստակացումներ, թէ ինչո՞ւ տակաւին չէ տրուած այս կարելիութիւնը Ջաւախքի բնակչութեան:

Վրացի ներկայացուցիչները պատասխանեցին, թէ իրականութիւն է, որ 1990-ական թուականներուն հայերու եւ այլ փոքրամասնութիւններու առնչութեամբ տրուեցան սխալ որոշումներ: Միխայիլ Սահակաշվիլիի իշխանութիւն գալէն ետք բաւական յառաջդիմութիւն արձանագրուած է, թէեւ գոյութիւն ունին հարցեր, որոնք տակաւին լուծումի կը կարօտին: Հիմնական է Վրաստանի համար, որ իր բնակչութիւնը իր ամբողջութեան մէջ պէտք է ընդունի, թէ երկրին մէջ բնակող բոլոր ազգութիւնները Վրաստանի քաղաքացիներ են, եւ նոյն իրաւունքներն ու պարտականութիւնները պէտք է ունենան: Լեզուի հարցը միայն տեղական ինքնակառավարման որոշումի հարց չէ, այլ նաեւ երկրի կեդրոնական իշխանութեան եւ խորհրդարանի պատասխանատուութիւնն է, եւ հաւանական կրնայ ըլլալ նման հոլովոյթի մը սկիզբը ապագային:

Այնուհետեւ Կարապետեան կարճ հանդիպում մը ունեցաւ վրացի պատուիրակութեան անդամներուն հետ, որոնց յայտնեց, թէ նախագահական ընտրութիւններէն ետք,  ինչ որ ալ ըլլայ արդիւնքը, Ջաւախքի հայկական բնակչութեան հարցերուն շուրջ, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս վիրահայութեան, ինք պիտի շարունակէ յարաբերութիւնները Վրաստանի իշխանութեան հետ` հարցերու լուծման համար: Վրացական կողմէն փափաք յայտնուեցաւ, որ հանդիպում տեղի ունենայ նաեւ Թիֆլիսի մէջ` իրենց կուսակցութեան ղեկավարութեան հետ:

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Գրասենեակ,
Պրիւքսել

Նախորդը

Ախթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մօտ Վերանորոգման Աշխատանքները Կը Շարունակուին

Յաջորդը

Քոնկրեսական Սմիթ Օպամայի Վարչակազմէն Խնդրած Է Պատմել Սուրիահայերուն Տրամադրուող Օգնութեան Մասին

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.