
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիէն, որ ցաւակցութիւն յայտնեց Սայտայի դէպքերուն ընթացքին բանակայիններուն նահատակութեան առիթով:
Քերրի հաստատեց, որ Ուաշինկթըն կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ բանակին եւ զօրակցիլ անոր, որովհետեւ բանակն է երկրին ապահովական կայունութեան, քաղաքացիական անվտանգութեան եւ ահաբեկչական բջիջներուն դէմ պայքարի միակ երաշխիքը:
Քերրի բարձր գնահատեց Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու նպատակով նախագահ Սլէյմանի եւ լիբանանեան պետութեան գործադրած քաղաքականութիւնը:
Քերրի շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին Լիբանանի կառավարութեան` շեշտելով, որ իրենք պատրաստ են յաւելեալ օժանդակութիւն ներկայացնելու Լիբանանին` նկատի ունենալով Լիբանան հասնող սուրիացի գաղթականներուն թիւին հետզհետէ արձանագրած աճը:
Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ «Ժընեւ 2» խորհրդաժողովին վերաբերող հարցեր` ընդգծելով Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու կարեւորութիւնը:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուին: Քննարկուեցան նախարարութեան աշխատանքները:
Հանրապետութեան նախագահը ընդունեց նաեւ ընդհանուր դատախազի պաշտօնակատար Սամիր Համմուտը, որուն հետ քննարկեց դատական իշխանութիւններուն եւ յանցագործներուն դատավարութեան կապուած խնդիրներ:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար Ֆուատ Մախզումի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընդգծուեցաւ երկրին մէջ համայնքային եւ յարանուանական դասերու կազմութեան վերջ մը դնելու անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Էտմոն Ֆատելի հետ: Քննարկուեցան Ապրայի դէպքին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ բանակին ձերբակալած յանցագործներուն հետ կատարուած հարցաքննութիւններուն մանրամասնութիւնները:


