Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազրպէյճանին Զէնք Վաճառելը Ռուսիոյ Իրաւունքը Չէր» Կ՛ըսէ Արա Պապեան

June 24, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արա Պապեան

«Մոտուս Վիվենտի» կեդրոնի տնօրէն Արա Պապեան 21 յունիսին լրագրողներուն յայտնեց, որ հայկական կողմը յստակ դիրքորոշում պէտք է արտայայտէ Ռուսիոյ Ազրպէյճանին զէնքի խմբաքանակ ծախելու փաստին առնչութեամբ:

Ըստ Պապեանի, իբրեւ յաջորդ քայլ Հայաստան պէտք է հետեւողականօրէն զարգացնէ Ռուսիոյ այլընտրանք եղող ուղղութիւնները:

«Բազմաթիւ երկիրներու մէջ, օրինակ, օրէնքով սահմանուած է, որ ուժանիւթի հոսքերը մէկ երկրէն չեն կրնար ըլլալ: Այսօր մեր վիճակը աւելի վատ է, քան եթէ մենք ըլլայինք Ռուսիոյ մաս, քանի որ Ռուսիա ունի իրաւունքներ` առանց որեւէ պարտաւորութեան: Յստակ է, որ մենք մեր հակակշիռները պէտք է ստեղծենք», յայտնեց Արա Պապեան` աւելցնելով, թէ փաստը կը մնայ փաստ, որ Ռուսիա կը զինէ մեր թշնամին:

Պապեան ըսաւ, որ հայ «փորձագէտներու» կարծիքով` Ռուսիոյ իրաւունքն է այն, որ վերջին շրջանին Ազրպէյճան ռուսական կողմէն մեծածաւալ գնումներ կատարեց: «Ո՛չ, իրաւունք չունի, ան մեր ռազմավարական դաշնակիցն է, իսկ ռազմավարական դաշնակիցները այն դաշնակիցներն են, որոնք պատրաստ են զոհաբերել իրենց տնտեսական, երբեմն ալ քաղաքական շահերը` յանուն դաշնակիցի», լրագրողներուն ըսաւ Պապեան` անդրադառնալով Ռուսիոյ կողմէ Ազրպէյճանին մեծաքանակ զէնք ծախելու փաստին:

Ըստ անոր, ռազմավարական դաշնակիցները այդպէս չեն վարուիր, աւելի եւս` երբ մենք, իբրեւ Ռուսիոյ դաշնակից, մեզ բաւական հաւատարիմ կը պահենք:

«Ինչպէ՞ս կ՛ընկալէր Ռուսիա, երբ Համաշխարհային Բ. պատերազմի ժամանակ իր դաշնակիցները իր հակառակորդին զէնք ծախէին: Թուրքիոյ դէմ, որ հումք կը մատակարարէր Գերմանիոյ, Խորհրդային Միութիւնը անոր համար կը պատրաստուի պատերազմի սկսիլ` այդ պատճառաբանութեամբ: Մեր դաշնակիցը մեր դէմ յստակ գործողութիւններ կը կատարէ, ինչ որ դատապարտելի է», ըսաւ Պապեան:

Ըստ Պապեանի, ճիշդ է` ռազմավարական հաւասարակշռութիւնը այս պարագային չի խախտուիր, քանի որ հայկական կողմը բաւարար միջոցներ ունի նոյնիսկ ձեռք բերուած սպառազինութիւններու դէմ անհամաչափ պատասխան հասցնելու համար, ու այդ պարագային աւելի բարձր մակարդակի հաւասարակշռութիւն կը ստեղծուի: Սակայն հարցը այստեղ հաւասարակշռութեան խախտումը չէ, այլ այն, որ աւելի բարձր հաւասարակշռութեան պատճառով հազարաւոր, նոյնիսկ տասնեակ հազարաւոր զոհեր պիտի ըլլան երկու կողմէն ալ:

«Թող Ռուսիա յստակ յայտարարէ, որ մեր արեան գնով դրամ կ՛աշխատցնէ: Մենք չենք գիտեր, որ պատերազմի պարագային Ռուսիա ինչպէ՛ս ինքզինք կը պահէ. մենք գէշ փորձառութիւն ունինք 1917 թուականէն` քեմալականները զինելը, ինչպէս նաեւ` 1990-ականները: Ի՞նչ երաշխիք կայ, թէ ռուսերը պիտի կատարեն իրենց դաշնակցային պարտաւորութիւնները պատերազմի պարագային: Այստեղէն արդէն արեան հոտ կու գայ», ըսաւ Արա Պապեան:

 

 

Նախորդը

«Ղարաբաղեան Տագնապը Շրջանային Անվտանգութեան Համար Լուրջ Խնդիր Է» Կ՛ըսէ Ասքերով

Յաջորդը

ՀՅԴ Պատգամաւորական Խմբակցութիւնը Կը Ներկայացնէ Ազգային Ժողովի Գարնանային Նստաշրջանին Ամփոփումը

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։