Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդանեան Իրական Լարուածութիւն Կը Նկատէ Կառավարութեան Եւ Վերահսկիչ Պալատին Միջեւ

June 21, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան Ազգային ժողովին մէջ քանի մը լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին, անդրադառնալով վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի երէկուան յայտարարութեան, նշեց, որ, բնականաբար կարելի չէ մսխել պիւտճէին 70 առ հարիւրը, ատիկա անհեթեթ է: Ըստ անոր,  Վերահսկիչ պալատի նախագահը, Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին խօսելով գնումներուն եւ շինարարութեան մարզերուն մէջ առկայ խնդիրներուն մասին, յայտնած է, որ 2013 թուականի պետական պիւտճէի շինարարութեան եւ գնումներու մարզերուն կ՛առնչուի ծախսային մասի մօտ 701 միլիառ դրամը, որ շինարարութեան եւ գնումներու մարզը վտանգաւոր կը նկատուի, ինչ որ երբեք չի նշանակեր 700 միլիառ դրամի մսխում:

Վերահսկիչ պալատի տարեկան հաշուետուութեան քննարկումներու ամէնէն կարեւոր մասը կը նկատուի այն, որ առաջին անգամ յանկարծ կառավարութիւնը անդրադարձաւ Վերահսկիչ պալատի հաշուետուութեան, թէ պէտք է պաշտպանուիլ, փաստարկներ բերել, հիմնաւորել, որ միակողմանի չըլլան այդ քննադատութիւնները, եւ առաջին անգամ փոխվարչապետը հանդէս եկաւ իբրեւ յարակից զեկուցող եւ պատասխանեց հարցումներուն:

«Ստեղծուեցաւ վիճակ մը, երբ Վերահսկիչ պալատը եւ կառավարութիւնը հակադիր դիրքերու վրայ կը գտնուէին: Անշուշտ, փորձեցին քաղաքակիրթ ձեւակերպումներով պահել հեռաւորութիւնը, բայց յստակ է, որ այստեղ շատ լուրջ լարուածութիւն կայ», ընդգծեց Աղուան Վարդանեան: Դաշնակցական պատգամաւորը իր համոզումը յայտնեց, որ այդ լարուածութիւնը իրական է, այլ ոչ թէ բեմադրուած, հակառակ պարագային` կառավարութիւնը այդքան աշխուժօրէն չէր ներգրաւուեր այս հոլովոյթին մէջ եւ վարչապետն ալ այսօր յայտարարութիւն չէր կատարեր:

Միւս կողմէ` քաղաքական մեծամասնութիւնը սկսաւ յայտարարել` «ի՞նչ կ՛ուզէք, մենք մեր թերութիւնները կը բացայայտենք, մեր սխալներուն մասին կը խօսինք», բայց չէ՞ որ Վերահսկիչ պալատը քաղաքական մեծամասնութեան գործիքը չէ, որ իրենք ըսեն` մենք մեզ կը բացայայտենք: Վերահսկիչ պաշարը անկախ մարմին է`ըստ սահմանադրութեան:

«Յստակ է նաեւ, որ քաղաքական մեծամասնութիւնն ալ, կառավարութիւնն ալ վստահ չեն` լաւ, այս ամէնը, որ կը ներկայացուի, ի՞նչ դիրքորոշում ունի նախագահը անոր վերաբերեալ: Քաղաքական մեծամասնութիւնը վստահ չէ` որքա՞ն կրնայ հակադարձել Վերահսկիչ պալատին: Բայց յստակ է, որ հոլովոյթները կը բացուին», յայտարարեց Վարդանեան եւ աւելցուց` պատահական չէ, որ իշխանութեան մէջ փոխադարձ տեղեկութիւններու արտահոսք է եւ փոխադարձ մեղադրանքներ կան:

Դաշնակցական պատգամաւորը համոզում յայտնեց նաեւ, որ Վերահսկիչ պալատը, իր այսօրուան կառոյցով, կազմով ի վիճակի չէ ամբողջական, առարկայական իրականութիւն ներկայացնել, պէտք է փոխել հաշուետուութեան ձեւաչափը:

 

Նախորդը

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Միանայ Մարդկութեան Դէմ Ոճիրներուն Նպաստող Ընկերութիւններուն Մէջ Ներդրումները Բացառելուն

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.