Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ամէն Հայ Եղեռնի Պատմութիւն Մը Ունի. Ամէն Հայ Նահատակ Մը Ունի Իր Հոգւոյն Մէջ»

June 21, 2013
| Հայ Դատ, Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ԱԶԱՏ ՕՐ»

«Libra-6 Productions, Inc.» կազմակերպութիւնը ձեռնարկած է «Վկայագրութիւններ» կոչուող ծրագիրի մը, որ կը միտի անգլերէնով հրատարակել Եղեռնի զոհերու, Եղեռնէն ազատողներու եւ անոնց գերդաստաններուն պատումները` գրի առնուած զոհերու եւ վերապրողներու յաջորդ սերունդին կողմէ:

«Libra-6 Productions, Inc.» Նիւ Եորք նահանգին մէջ արձանագրուած ոչ շահութաբեր կազմակերպութիւն է եւ համամարդկային խնդիրներ կը հետապնդէ` թատրոնի, արուեստի եւ մշակութային ձեռնարկներու միջոցով:

Տուեալ ծրագրի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ քաղելու նպատակով Յունաստանի մեր պաշտօնակից «Ազատ Օր»-ի խմբագրութիւնը կապ հաստատած է կազմակերպութեան նորընտիր նախագահ տոքթ. Հրանդ Մարգարեանին հետ, Նիւ Եորք, եւ անոր հետ ունեցած է հետեւեալ հարցազրոյցը.

«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս սկիզբ առաւ վկայութիւնները համախմբելու եւ հատորներով հրատարակելու գաղափարը:

ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ.- Վերջին տարիներուն, քանի մը ծանօթներ, որոնք Եղեռնէն վերապրողներու զաւակներ են, որոշած էին իրենց գերդաստաններուն` հօր, մօր, մեծ հօր, մեծ մօր պատմութիւնները գրի առնել, յատկապէս` իրենց զաւակներուն եւ թոռներուն համար: Առիթ ունեցայ կարդալու այդ պատումները: Անդրադարձայ, որ այս պատումները ո՛չ միայն անհատական արժէք ունին, այլ մեր Դատին համար մեծագոյն վաւերական արձանագրութիւններ են: Եթէ այս քանի մը հոգին գրած են իրենց գերդաստաններուն մասին, արդեօք ուրիշներ ալ չկա՞ն, որոնք նման պատումներ ունին: Այդ եղաւ խթանը` ճիգ ընելու եւ փորձելու, կարելիութեան սահմաններուն մէջ, հաւաքել այս խիստ կարեւոր վաւերագրութիւնները:

Ես ալ Եղեռնէն ազատած հօր եւ մօր վերջին զաւակն եմ: Հայրս եւ իր համագիւղացիները ամէն գիշեր կը հաւաքուէին թղթախաղի` մեր տունը: Դադարներու պահուն էր, որ անոնք կը խօսէին իրենց անցած տառապանքի ճանապարհներէն: Մանուկի մը համար շատ կանուխ էր հասկնալու Եղեռնի բուն էութեան իմաստն ու խորհուրդը: Տարիներ անցան եւ հասունութեան հետ եկաւ գիտակցութիւնը` հետապնդելու անարգուած ազգի մը արդար Դատը եւ անոր հետ կապուած խնդիրները: Հրապարակային դասախօսութիւններով, գրութիւններով եւ, յատկապէս, թատերական գործերով կեանքիս մեծ մասը տրամադրեցի բազմերես Եղեռնի տարբեր խնդիրներուն:

Եղեռնը բարդ նիւթ է: Ան, անհատական, հաւաքական, ազգային, մարդկային, համամարդկային, ընկերային, հոգեբանական եւ քաղաքական մանրամասնութիւններով, բարդ եւ բազմերես խառնարան մըն է: Պիտի չըլլա՛յ որեւէ գրական երկ, պատմութեան գիրք, գեղարուեստական գործ, քաղաքական եւ ընկերային գիտաժողով, որ ներկայացնէ Եղեռնի բարդ ամբողջութիւնը: Անկարելի՛ է: Եղեռնը կը նմանի պատմութեան եւ գիտական այն պեղումներուն, որոնք անյատակ գանձեր կը պարունակեն: Որքան «նորութիւն»-ներ դրսեւորուին, անոնց ետին նո՜ր նորութիւններ կը յայտնուին: Այդ իսկ պատճառով, ցարդ գրուած բազմաթիւ սքանչելի պատումներու եւ յուշագրութիւններու կողքին, կան բազմաթիւ պատումներ, որոնք կը սպասեն երեւան գալու: Մէկ ու կէս միլիոն «պատում»-ներէն ինչ որ ալ փրկուի, մեր Դատին հետապնդման համար անկասկած դրական քայլ պիտի ըլլայ: Ահա այս մտահոգութիւններէն թելադրուած` ձեռնարկեցինք այս աշխատանքին:

«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներու յուշերը միշտ դժուար եղած է ամփոփել գիրքերու կամ երիզներու մէջ: Մինչեւ հիմա քանի՞ աշխատանքներ կան, որոնց մէջ կարելի եղած է անձնական վկայութիւններ ներառել:

ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ.- Ճիշդ է ձեր նշումը: Մինչեւ հիմա, Եղեռնէն ազատածներու յուշերը երկու հիմնական ձեւով ներկայացուած են. առաջինը` գրութիւններով եւ երկրորդը` ձայնագրութիւններով: Առաջինը, որ յուշագրութիւններ, առհասարակ անհատական նախաձեռնութիւններ եղած է: Վերապրողներն են, որոնք պահանջը ունէին իրենց տառապանքին բաժնեկից դարձնելու մեզ` յաջորդ սերունդներուն: Մեծ է թիւը իրենց յուշերը գրի առնողներուն: Դժուար է բոլորին անունները տալ: Մահացու մեղք պիտի ըլլայ, եթէ անոնցմէ ոեւէ մէկը մոռցուի: Կան նաեւ հաւաքական պատումներու գործեր: Այս մարզին մէջ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն Ներսէս վրդ. Բախտիկեանի խմբագրութեամբ, 1960-ական թուականներուն, «Մատենաշար Ապրիլեան Եղեռնի» հաւաքաշարը կարեւոր տեղ կը գրաւէ յուշագրութիւններու պահպանման մարզին մէջ: Անհատական նախաձեռնութիւններուն մէջ Հայկազուն Եափուճեանի (1965, Պէյրութ), Վերժինէ Սվազլեանի (2000, Երեւան) գործերը ընդհանուր նիւթերու հետ միասին, կարեւոր յուշագրութիւններ կը պարունակեն:  Սեդա Քիլեճեանի (1985, Պէյրութ) գործը ուղղակի վերապրողներու յուշագրութիւն է: Գրաւոր հրատարակութիւններու կողքին, կան նաեւ ձայնագրուած բանաւոր արխիւներ: Այս մարզին մէջ, յատկապէս կարեւորագոյն արժէք ունի «Զօրեան» ուսումնական կեդրոնի հաւաքածոն, ապա` Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի հաւաքածոն: Լսած եմ նաեւ, որ Հալէպի մէջ եղած են ձայնագրութիւններ:

«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Ինչո՞վ պիտի տարբերի «Վկայութիւններ»-ու ձեր նախաձեռնութիւնը:

ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ.- Վկայագրութիւնները հիմնուած պիտի ըլլան յուշագրութիւններու վրայ: Ընդհանուր գիծերու մէջ կարելի է զուգահեռներ գծել յուշագրութիւններու եւ վկայագրութիւններու միջեւ, բայց նպատակի եւ բովանդակութեանց մանրամասնութիւնները կը տարբերին:

Մեր կատարելիքը «վկայագրութիւն» է, որուն բուն մօտեցումը հետեւեալն  է.

ա.- Մեզի ղրկուած յուշագրութիւնները պիտի վերանայինք, ընտրենք պատահարները եւ ժամանակագրական շարադրութեամբ, ազգային դատական հարցի համար փաստագրական թղթապանակ պատրաստենք, այլ խօսքով` «վկայագրութիւն»:

բ.- «Վկայագրութիւններ»-ը զերծ պիտի ըլլան` ազգագրական ուսումնասիրութենէ, մշակութային վեհութիւններ, սովորոյթներ, ասացուածքներ յիշելէ:

գ.- «Վկայագրութիւններ»-ը գեղարուեստական երկ պիտի չըլլան, այսինքն բանաստեղծութիւն, վէպ պիտի չտպենք:

դ.- «Վկայագրութիւններ»-ը զերծ պիտի ըլլան նաեւ ընդհանուր տեսութիւններ արծարծելէ, քաղաքական կամ այլ մեկնաբանութիւններ ներկայացնելէ:

ե.- Գիրքը պիտի պարունակէ նաեւ գրութիւններուն մէջ գործածուած բոլոր վայրերու համառօտ պատմականը, ուր յատկապէս պիտի նշուին այդ վայրին մէջ ապրած հայերու, եկեղեցիներու եւ դպրոցներու թիւերը, անցեալին եւ ներկայիս:

զ.- Պիտի ցանկագրուին հայկական վայրերը` անոնց ներկայի թրքական անուանափոխութիւններով:

է.- Համառօտ ձեւով պիտի տանք օտար կազմակերպութիւններու կատարած որբահաւաքի եւ որբանոցներու գործերը:

Ուրեմն «Վկայագրութիւններ»-ը պիտի պարունակեն Եղեռնի հետ անմիջականօրէն կապուած դէպքերու հում նիւթերը, շարահիւսական կառոյցով, ինչպէս նաեւ` այդ դէպքերուն հետեւանքները:

Կը յուսանք, որ հաւաքական այս վկայագրութիւնները պատկան մարմիններուն համար, իրական դէպքերու պատումով, դատապարտող փաստացի արձանագրութիւններ կ՛ըլլան: Կը կարծենք այս մօտեցումով մեր ազգային Դատի այս հանգրուանին անոր նպաստած ըլլալ:

«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Ձեր ծանուցումին ընդառաջողներ եղա՞ծ են ցարդ:

ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ.- Բարեբախտաբար` այո՛: Մեծ թիւով գրութիւններ ստացած ենք հետեւեալ երկիրներէն` Միացեալ Նահանգներու տարբեր նահանգներէն, Քանատայէն, Հարաւային Ամերիկայէն, Հայաստանէն, Լիբանանէն եւ Անգլիայէն: Կը հաւատանք, որ դեռ բազմաթիւ յուշագրութիւններ կան, որոնք կը սպասեն հրատարակուելու: Մեր խնդրանքն է` բոլոր անոնք, որոնք յուշեր ունին, առաքեն մեզի իրենց գրութիւնները, որովհետեւ ժամանակը իր աւերը կը գործէ:

«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Դիմումը ուղղուած է վերապրողներու ժառանգորդ` յաջորդ սերունդի զաւակներուն եւ թոռներուն, որոնք մեծերու յիշատակներու պատումներուն վրայ յենած աշխատանք պիտի ներկայացնեն: Վաւերական ի՞նչ արժէք կը ներկայացնեն այս վկայութիւնները:

ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ.- Նոյն մտահոգութիւնը մենք ալ ունէինք: Սակայն նկատեցինք, որ մեզի յղուած գրութիւնները երկու մակարդակի վրայ են: Մեծ մասը ուղղակի՛ անհատական արձանագրութիւններ են նոյնինքն Եղեռնէն վերապրողներու կողմէ: Անոնք իրենց յուշերը գրի առած են ատենին եւ առիթը չեն ունեցած հրատարակելու: Բարեբախտաբար իրենց զաւակները եւ երբեմն ալ թոռները մասունքի պէս պահած են այս յուշագրութիւնները: Մենք, փափկանկատութեամբ, այդ բնագիրներուն կրկնօրինակները կը խնդրենք միայն: Բնագրերը, որպէս յիշատակ, կ՛ուզենք, որ գերդաստանը պահէ: Նոյնիսկ կը թելադրենք, որ Հայաստանի Պատմութեան թանգարան ղրկեն:

Մեր ստացածներուն երկրորդ մասը ազատածներու զաւակներուն պատումներն են: Այս վերջիններու պարագային, նշուած դէպքերուն թուականները, վայրերը, յաջորդականութիւնը կը ստուգուին, բաղդատականը կ՛ընենք այլ պատումներուն մէջ նշուած թուականներուն հետ: Կը հաւատանք, որ վերապրողներուն զաւակները իրենց ծնողաց ցաւին ուժգնութիւնը հարազատօրէն կ՛արտայայտեն: Տարօրինակօրէն դէպքերը շատ յաճախ այնպիսի մանրամասնութեամբ նկարագրուած են, որ կարծէք ականատես մըն է գրողը:

«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Ճի՞շդ է ենթադրել, թէ այս հրատարակութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ժամկէտով նախատեսուած է:

ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ.- Իրականութեան մէջ` ո՛չ: Մեր հասկացողութեամբ, Եղեռնի կարեւորութիւնը եւ ահաւորութիւնը ամեակներով չէ՛, որ պիտի ճշդուի: Եղեռնը Եղեռն էր երէ՛կ, այսօ՛ր եւ վա՛ղը: Պիտի դադրի՞նք մեր չլուծուած եւ անտեսուած Հարցը հետապնդելէ հարիւրամեակէն ետք: Ո՛չ: Այնքան ատեն որ  թրքական կառավարութիւնը չէ ընդունած իր նախորդ կառավարութիւններուն ոճիրը, այնքան ատեն որ արդար հատուցում չէ եղած հայ ժողովուրդին, այնքան ատեն որ մենք կը մնանք պահանջատիրական դերին մէջ:

Կը կարծենք նաեւ, որ մենք ազգային պարտականութիւն ունինք մեզ նախորդող սերունդին նկատմամբ, որովհետեւ անոնց կեանքերը մեր ազգային հոլովոյթին մաս կը կազմեն, հայոց պատմութիւնը ձեւաւորող մասնիկներ են:

Այս բոլորը կը բխին այն գիտակցութենէն, որ «Ամէն հայ նահատակ մը ունի իր հոգւոյն մէջ»: Հաւաքական այդ նահատակները անհանդարտ են եւ մեզ կը մղեն պայքարելու, յարատեւելու եւ իրականացնելու իրենց անկատար տենչերը, իղձերն ու երազները:

Շնորհակալութիւն` այս առիթին համար: Կը յուսամ, որ այս լուսաբանութիւնները առիթ կ՛ընծայեն, որ ձեր եւ այլ շրջաններէ պատումները բազմանան:

 

ՎԿԱՅԱԳՐՈՒԹԻՒՆ-ՀՐԱՒԷՐ ԵՂԵՌՆԻ ԶՈՀԵՐՈՒ
ԵՒ ՎԵՐԱՊՐՈՂՆԵՐՈՒ ԺԱՌԱՆԳՈՐԴՆԵՐՈՒՆ

Գրութիւնները հայերէնով կամ անգլերէնով կրնան ըլլալ:

Կարելիութիւն չունինք այլ լեզուներէ թարգմանելու: Գրութիւնները կարելի է յղել հետեւեալ ե-հասցէին`
[email protected]

Կը խնդրենք նկատի առնել հետեւեալ կէտերը.

1.- Գրութիւնները պէտք է անձնական պատումներ ըլլան:

2.- Նշել զոհերուն, վերապրողներուն անունները, ծննդավայրերը, աքսորի ճանապարհը:

3.- Գրութիւնները` 1-15 էջ, կրնան ըլլալ անգլերէն կամ հայերէն. թարգմանութիւնը անվճար է:

4.- Քաջալերելի է ղրկել ընտանեկան կամ անհատական նկարներ, քարտէսներ:

5.- Վաւերականութեան համար գրողները պէտք է ներկայացնեն իրենց համառօտ կենսագրական գիծերը, անունն ու մականունը, հասցէն, հեռախօսի թիւը, ե-հասցէն:

6.- Գրութիւնը ընդունելու կամ մերժելու որոշումը վերապահուած է «Libra-6»-ին:

7.- Նիւթական յատկացում պիտի չկատարուի ոեւէ գրողի:

8.- Հրատարակութիւնը կ՛արձանագրուի Միացեալ Նահանգներու օրէնքներուն համաձայն եւ գիրքէն օրինակ մը կը նուիրուի անձին:

 

 

 

Նախորդը

«Նուռը Պայթելու Պատրաստ Է»

Յաջորդը

Մասնակցութեամբ «Շուշի» Պարախումբին, «Հաւասի» Համոյթին, Վարժարանի Երգչախումբին, Տուտուկի Խումբին Եւ Նուագախումբին. Մեսրոպեան Վարժարանի Գեղարուեստի Խումբերու Միացեալ, Անդրանիկ Եւ Իւրայատուկ Ելոյթ

RelatedPosts

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր»,  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան
Հարցազրոյց

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան

October 20, 2026
Հայագիտութիւն Մագիստրոսական Ծրագիր` Հայագիտական Համակողմանի Գիտելիքի Կարելիութիւն
Անդրադարձ

«Մեղու»-ն Ծնած Է Սէրէն»

October 16, 2026
«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի  Տնօրէն Վիգէն Աւագեան
Հարցազրոյց

«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի Տնօրէն Վիգէն Աւագեան

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.