Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ երէկ յայտնեց, որ Դիմադրութեան մարտիկներուն այսօրուան պայքարը արաբ ազգին համար ճակատագրորոշ է. ան հաստատեց, որ Դիմադրութեան հակառակորդները կը շարունակեն անոր դէմ պայքարը` աւելցնելով, որ անոնք սկսած են գործածել իրենց վերջին խաղաքարտը, որն է յարանուանական գրգռութիւններ հրահրելու խաղաքարտը, որ կ՛օգտագործուի ղեկավարներու, պետութիւններու եւ տարբեր անձնաւորութիւններու կողմէ:


