Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իրան «Ժընեւ-2»-ին Մասնակցելու Հրաւէր Ստացաւ» Կ՛ըսէ Սալեհի

June 18, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի երէկ յայտարարեց, որ «Թեհրան «Ժընեւ-2»-ին մասնակցելու բերանացի հրաւէր ստացաւ»: Ան նշեց, որ «մեզ տեղեակ պահեցին, որ Ամերիկա «Ժընեւ-2»-ին Իրանի մասնակցութեան չ՛ընդդիմանար, սակայն գոյութիւն ունին երկիրներ, որոնք այդ մէկը արգելակելու համար ճնշում կը բանեցնեն»:

Իրանի դիւանագիտութեան պետը ընդգծեց, որ «առանց Իրանի մասնակցութեան շրջանին մէջ որեւէ լուծում պիտի չյաջողի»:

Իրանի նորընտիր նախագահ Հասան Ռուհանի երէկ լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապի լուծման պատասխանատուն սուրիացի ժողովուրդն է: Ան մերժեց Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութիւնը, քաղաքացիական պատերազմն ու արտաքին միջամտութիւնը:

Ռուհանի աշխարհի երկիրներուն կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ կայունութեան եւ ապահովութեան վերականգնման օժանդակելու` ընդգծելով, որ սուրիական ներկայ կառավարութիւնը օրինական է եւ պէտք է մինչեւ 2014-ի ընտրութիւնները իշխանութեան վրայ մնայ:

Սուրիական Ընդդիմութիւնը
Զինելու Հարց

Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մքտատ, սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին մեկնաբանելով «Ժընեւ-2»-էն առաջ գետնի վրայ ուժերու հաւասարակշռութիւնը ի նպաստ սուրիական ընդդիմութեան շրջելու Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն յայտարարութիւնները, ըսաւ, որ «ասիկա Սուրիոյ մէջ կռիւը եւ արիւնահեղութիւնը շարունակել ուզողներուն սկզբունք է»` նշելով, որ «այդ երկիրները կը կանգնին Սուրիոյ  իրադարձութեանց ետին»: Ան նշեց, որ Դամասկոս պիտի ջանայ «Ժընեւ-2»-ը յաջողցնել: Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել Ութերու խմբակի վեհաժողովին մասնակցելու համար Հիւսիսային Իրլանտա մեկնելէ առաջ գերմանական «Առ.Թի. Էլ.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ կը մերժէ սուրիական ընդդիմութեան զէնքի մատակարարումը, եւ գլխաւոր նպատակը պէտք է քաղաքական լուծումի հասնիլը ըլլայ: Ան նշեց, որ Գերմանիա, ի տարբերութիւն Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ, զէնքի մատակարարումը կտրուկ կերպով մերժելով սուրիական հարցէն մեկուսացուած չէ:

«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Ճոն Պըրտ «Սի.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ իր երկիրը կ՛աջակցի սուրիացի ընդդիմադիրները զինելու` Միացեալ Նահանգներու որոշումին: Լրատուամիջոցը կը նշէ, որ Օթաուա տակաւին մէկ ամիս առաջ դէմ էր ընդդիմութիւնը զինելու գաղափարին` ընդգծելով, որ ընդդիմադիրներուն շարքին մէջ մեծ թիւ կը կազմեն արմատական ծայրայեղականները:

Համաս Հըզպալլային Կոչ Կ՛ուղղէ
Իր Ուժերը Սուրիայէն Հեռացնելու

Համաս շարժումը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով Հըզպալլային կոչ ուղղեց` իր ուժերը Սուրիայէն հեռացնելու եւ զէնքին ուղղութիւնը դէպի Իսրայէլ պահելու` նշելով, որ անոր միջամտութիւնը նպաստած է շրջանին մէջ յարանուանական լարուածութեան մագլցման:

«Պաղեստինեան դատը արաբ եւ իսլամ ժողովուրդներուն կեդրոնական դատն է եւ սիոնական բռնագրաւումին դիմադրելը` անոնց հիմնական առաքելութիւնը: Պէտք է դիմադրութեան կողմնորոշումը եւ ուղղութիւնը պահպանել, ինչ ալ ըլլան կացութիւններն ու պայմանները», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ռուսիա Սուրիոյ Վերեւ Թռիչքներու
Արգիլեալ Գօտիի Հաստատում Պիտի Չարտօնէ

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ յայտարարեց, որ Սուրիոյ «Էս-300» համակարգերու մատակարարման համաձայնագիրը նախապէս ստորագրուած է` նշելով, որ այդ համաձայնագիրը մինչեւ այս պահը չէ գործադրուած:

Լուքաշեւիչ յայտնեց, որ Ռուսիա սուրիական կառավարութեան զէնք մատակարարելով միջազգային օրէնքները չի խախտեր` շեշտելով, որ իր երկիրը Սուրիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտիի հաստատում պիտի չարտօնէ:

Միւս կողմէ, Արաբական ծոցէն աղբիւրներ «Ռոյթրըզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Սէուտական Արաբիա սկսած է սուրիական ընդդիմութեան հակաօդային հրթիռներ յանձնել:

 

 

Նախորդը

«Անհրաժեշտութեան Պարագային Բանակը Պիտի Միջամտէ` Ցոյցերուն Վերջ Տալու Համար» Կ՛ըսէ Արընչ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.